Այսօր յետմիջօրէին Դամասկոսի մէջ գրանցուած է ահաբեկչական պայթում մը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Դամասհակայ Վահէ Մահշիկեանէն։ Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ պայթումը եղած է Դամասկոսի «Ալ Ատուա» թաղամասին մէջ։ Ականուած ինքնաշարժի պայթումին հտեւանքով գրանցուած են նիւթական մեծ վնասներ, իսկ մարդկային տոյժերու մասին տուեալներ չեն հաղորդուիր։
Նշենք,որ անցնող շաբթուան ընթացքին այս երրորդ պայթումն է, որ կը գրանցուի Դամասկոսի մէջ։