image

Նռնակ նետած են Միհրան Յակոբեանի ինքնաշարժին տակ

Նռնակ նետած են  Միհրան Յակոբեանի  ինքնաշարժին տակ

Այսօր առաւօտ նռնակ նետուած է նախկին պատգամաւոր Միհրան Յակոբեանի ինքնաշարժին տակ։

Նռնակը պատճառած է նիւթական վնասներ գործիչի տան մօտ կայանուած ինքնաշարժին։

Այս մասին իմացանք «Թերթ.ամ» կայքէն, որ յղում կատարած է Հրանդ Մելիք-Շահնազարեանի  դիմատետրեան էջին։

Կը նշուի նաեւ, որ դէպքի վայր ժամանած է ՀՀ ոստիկանութեան աշխատակիցներ եւ քննութիւն բացած  են եղածին վերաբերեալ։

Յիշեցնենք, որ  Յակոբեան եղած է ՀՀ Ազգային Ժողովի անդամ եւ ան «Հանրապետական» կուսակցութեան անդամ է։