Իրանեան «Ֆարս» լրատուական գործակալութիւնը յայտնած է, թէ Յեղափոխական պահակազօրի ենթակայ «Ալ Քուտս» զօրագունդի հրամանատար Քասէմ Սուլէյմանի Սուրիոյ Պուքամալ քաղաքի պատերազմի ժամանակ մերժած է ստանալ «CIA»ի տնօրէնին կողմէ իրեն յղուած նամակը:
Աղբիւրը մանրամասնած է, որ «CIA»ի տնօրէնը միջնորդի մը միջոցով նամակ յղած է Պուքամալի մէջ պայքարող Սուլէյմանիի, սակայն վերջինս մերժած է ստանալ այն:
Ըստ փոխանցուած տեղեկութեան, իրանցի հրամանատարը միջնորդին յայտնած է. «Ո'չ պիտի ստանամ նամակդ, ու ոչ ալ պիտի կարդամ այն, եւ այդ մարդոց հետ խօսելու որեւէ բան չունիմ»: