image

Երեւանի մէջ պայթեցուցած են «Հայէքոնոմպանք»ի տնօրէնի ինքնաշարժը

Երեւանի մէջ պայթեցուցած են «Հայէքոնոմպանք»ի տնօրէնի ինքնաշարժը

Այսօր` 9 Դեկտեմբերին, արտակարգ դէպք տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ։ Ժամը 08։30-ի սահմաններուն, ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի վարչութեան օփերաթիւ կառավարման կեդրոնը ահազանգ ստացած է, որ Արաբկիր վարչական շրջանի Դաւթեան փողոցի 1/4 շէնքի բակէն ներս պայթում տեղի ունեցած է ։

Ինչպէս կը յայտնէ «Շամշեան.գոմ»ը՝ ոստիկանները պարզած են, որ անյայտ հանգամանքներով պայթեցուցած են Lexus մակնիշի ինքնաշարժ մը:

Դէպքի վայրը աշխատած են նաեւ ոստիկանութեան փորձաքրէագէտները:

Ըստ նախնական տեղեկութիւններուն՝ պայթումի հետեւանքով տուժողներ չկան։

Աղբիւրի տեղեկութիւններով՝ պայթեցուած ինքնաշարժը կը շահագործուի «Հայէքոնոմպանքի» գործադիր տնօրէն՝ Արամ Խաչատրեանի կողմէն, սակայն ան ինքնաշարժին մէջ չէ եղած։ Վարորդը աշխատանքի երթալու ատեն աշխատցուցած է ինքնաշարժը, եւ քանի մը մեթր առաջ ընթանալէ ետք, պայթումը  տեղի ունեցած է։

Քննիչի յանձնարարականով՝ ինքնաշարժը տեղափոխուած է ոստիկանութեան Արաբկիրի բաժնի պահպանուող յատուկ տարածք։ Հաշուի առնելով յանցագործութեան վտանգաւոր ըլլալու աստիճանը, դէպքի վայր ժամանած է նաեւ Արաբկիր եւ Քանաքեռ-Զէյթուն վարչական շրջաններու դատախազի տեղակալ՝ Կարէն Մելքոնեան։