image

«CIA»ի տնօրէնի նամակը ո'չ պիտի ստանամ, ո'չ ալ պիտի կարդամ. Զօր. Քասէմ Սուլէյմանի

«CIA»ի տնօրէնի նամակը ո'չ պիտի ստանամ, ո'չ ալ պիտի կարդամ. Զօր. Քասէմ Սուլէյմանի

Իրանեան «Ֆարս» լրատուական գործակալութիւնը յայտնած է, թէ Յեղափոխական պահակազօրի ենթակայ «Ալ Քուտս» զօրագունդի հրամանատար Քասէմ Սուլէյմանի Սուրիոյ Պուքամալ քաղաքի պատերազմի ժամանակ մերժած է ստանալ «CIA»ի տնօրէնին կողմէ իրեն յղուած նամակը:

Աղբիւրը մանրամասնած է, որ «CIA»ի տնօրէնը միջնորդի մը միջոցով նամակ յղած է Պուքամալի մէջ պայքարող Սուլէյմանիի, սակայն վերջինս մերժած է ստանալ այն:

Ըստ փոխանցուած տեղեկութեան, իրանցի հրամանատարը միջնորդին յայտնած է. «Ո'չ պիտի ստանամ նամակդ, ու ոչ ալ պիտի կարդամ այն, եւ այդ մարդոց հետ խօսելու որեւէ բան չունիմ»: