image

Չինաստան ապրող հայուհին կարեւոր տեղեկութիւններ կը հաղորդէ «Քորոնա»ի մասին

Չինաստան  ապրող  հայուհին կարեւոր տեղեկութիւններ կը հաղորդէ  «Քորոնա»ի մասին

«Կէտ առ կէտ կը գրեմ ողջ տեղեկութիւնը, զոր հաւաքած եմ ժահրի մասին» 2 ամիս Չինաստանի մէջ  քարանթինի մեկուսացուած  հայուհին կը կիսուի   կարեւոր տեղեկութիւններով:

21 Յունուարի վաղ առաւօտեան չինացի ընկերներէս մէկը ինծի գրեց, որ երկիրը լուրջ համաճարակային վիճակի մէջ է, տունէն դուրս չելլենք, զգօն ըլլանք… առաջին քանի մը օրը սարսափելի խուճապի մէջ էի, որովհետեւ դուստրս ՝ Սոֆին  նախորդ գիշերուընէ տաքութիւն ունէր… հիւանդանոց աշխատող մեր միւս ընկերը ըսաւ, որ յանկարծ երեխան չբերէք հիւանդանոց, շատ մարդ կայ, բոլորն ալ հիւանդ…. մէկ խօսքով, ալ չպատմեմ, թէ ինչ ապրումներ ու վախեր ունեցած ենք մօտ շաբաթ մը, մինչեւ ձագս առողջացաւ (ատամիկ կը հանէր): Ու մենք որոշեցինք համընդհանուր քարանթինի  մէջ արգելափակուիլ ու ինքնամեկուսանալ։ Արդէն մօտ 2 ամիս բացարձակապէս տունէն դուրս չենք ելած երեխաներն ու ես. Հայկն ալ շաբաթը քանի մը անգամ՝ սնունդ առնելու ու տուն անմիջապէս: Անտանելի դժուար էր, անտանելի յոգնեցնող թէ հոգեպէս, թէ ֆիզիքապէս, ու օրական տասնեակ հաղորդագրութիւններ, թէ ինչպէս կը դիմանանք, միակ պատասխանս էր, որ դրական տրամադրուած ենք, խուճապի մէջ չենք, կ'ընենք այն ամէնը, ինչ մեզի կը հրահանգուի մասնագէտներու կողմէն, ու վերջ...

Ընկերներ, սիրելիներ, յարգելիներս, ծանօթներ, անծանօթներ, մէկ խօսքով` Ժո~ղո~վուրդ ջաաան, միակ բանը, որ այսօր կը փրկէ Հայաստանը, այդ է որ ամէն մէկ անհատի կողմէ սեփական էկոյին զուգահեռ ընկերային  պատասխանատուութեան մակարդակը բարձր պահելն է։

Հիմա ստորեւ կէտ առ կէտ կը գրեմ  այն տեղեկութիւնները, որոնք հաւաքած եմ ժահրի մասին այս երկու ամսուայ ընթացքին, իրազեկուածութիւնը հազարապատիկ աւելի ուժեղ զէնք է, քան բժշկական դիմակը: Եւ այսպէս.

  • Տուեալ ժահրը (Covid-19) կ'ապրի մետաղական մակերեսի վրայ 6-12 ժամ, կտորի, հագուստի վրայ` 6-9 ժամ, հեռախօսի եւ որեւէ «touch screen»-ի վրայ` 94 ժամ` 4 օր։ Հետեւաբար, դուրսը որեւէ մետաղական մակերեսի աշխատէք դպնալ թաշկինակով, մարդոցմէ հեռու քալել որոշակի հեռաւորութեամբ, ամէն տուն մտնելուն, հեռախօսը հականեխել ալքոհոլով։

         Լուացուելու ու ձեռքերու մաքրութեան մասին չեմ խօսիր, օրական 100000 անգամ կ'ըսուի …

  • Հազալու ու փռշտալու ատեն, բերանը փակել միայն թաշկինակով, յատկապէս երբ հասարակական վայր կը գտնուիք: Ձեռքով կամ արմուկով փակելը գրեթէ ապարդիւն է:
  • Ունեցէք ձեր ջուրի տարրան (շիշը, թերմոսը,…), եւ այն թող ըլլայ ձեզմէ անբաժան, հեռախօսին պէս, խմէցէք ջուր ամէն 10-15 րոպէ անգամ մը։
  • Օրը մէկ կամ երկու անգամ աղաջրով ողողեցէք կոկորդը, այստեղի բժիշկները կը հաստատեն, որ եթէ անգամ ժահրը նոր մտած է օրկանիզմ ու դեռ կոկորդին մէջ է, աղաջուրը կ'ոչնչացնէ զայն:
  • Դեղարանները եթէ չկայ ախտահանիչ, ոչինչ, սովորական օղին աւելի լաւ կ'ախտահանէ, իսկ տունը եղած ժամանակ, լաւագոյնը օճառն ու ջուրն են:
  • Ժահրը մահացու ելք կ'ունենայ հիմնականօրէն քրոնիկ (յարատեւ)  հիւանդութիւններ ունեցող մարդոց մօտ, ինչ որ վտանգաւոր է հայերուս համար, ազգս շատ անառողջ է, դժբախտաբար:

Հիմա ամենակարեւորի մասին. ճշգրիտ  դեղամիջոց չկայ, պատուաստ չկայ, բոլոր բժիշկները միաբերան կը յորդորեն` աշխատեցէք ձեր դիմադրողականութիւնը      բարձր պահել: Ինչպէ°ս. սննդի հիմնական մասը թող ըլլայ ոչ թէ «շաուրման», այլ միրգն ու բանջարեղէնը, թարմ: Ի°նչը կը թուլացնէ դիմադրողականութիւնը. ճնշուածութիւնը, վատ տրամադրութիւնը, վէճերը, խուճապը, վախերը, որեւէ տեսակի       անհաշտութիւն ինքզինքիդ կամ ուրիշի հետ:

Կը յուսամ, որ օգտակար էր գրառումս: Ապրեցէք համերաշխ, ժպտացէք ապատեղեկատուութեան, իսկ դուք զինուէք ճշմարիտ տեղեկութեամբ ու դրական, չէ, գեր-դրական տրամադրութեամբ, չթուլացնելով զգօնութիւնը եւ յիշելով սեփական պատասխանատուութեան մասին, որպէս հասարակութեան մասնիկ:

Առողջութիւն Բոլորիս։

 

Նիւթի  աղբիւրը՝   «ինֆո-Ժամանց» կայք