image

Բանակի զօրամասերէն մէկուն մէջ զինծառայողի վիճակը ծանրացած է եւ մահացած

Բանակի զօրամասերէն մէկուն մէջ զինծառայողի վիճակը ծանրացած է եւ մահացած

21 Օգոստոսին, ժամը 15:00-ի սահմաններուն,  ՀՀ զօրամասերէն մէկուն մէջ ժամկէտային զինծառայող, շարքային Խաչիկ Գասպարի Պաղտասարեանը  (ծնած 2001-ին), կորսնցուցած է գիտակցութիւնը: Ժամկէտային զինծառայողը տեղափոխուած է ՀՀ ՊՆ կեդրոնական զինուորական  հիւանդանոց, սակայն անոր կեանքը կարելի չէ եղած փրկել:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը խորին ցաւակցութիւն յայտնած է զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: