image

Բաղանիսի ու Կոթի գիւղերու վրայ երէկ աշխոյժ կրակ բացուած է. մարդկային կորուստներ չկան

Բաղանիսի ու Կոթի գիւղերու վրայ երէկ աշխոյժ կրակ բացուած է. մարդկային կորուստներ չկան

Երէկ երեկոյեան ատրպէյճանական դիրքերէն կեդրոնացած կերպով կրակած են Տաւուշի մարզի Բաղանիս գիւղի վրայ` ժամը 22.30-էն 24.00-ի շուրջերը: Այնուհետեւ կրակը դադարեցուած է, իսկ գիշերը խաղաղ անցած է: Մարդկային կորուստներ չկան, նիւթական վնասները կը ճշդուին:


Tert.am-ի հետ զրոյցին համայնքի ղեկավար Նարէկ Սահակեանը մանրամասնած է. «Սկզբում սկսեցին կրակել փոսթերի վրայ, մի քիչ միջդիրքային կրակ եղաւ, յետոյ սկսեցին կրակել գիւղի ուղղութեամբ»:

Նոյնը Tert.am-ի հետ զրոյցին Կոթիի գիւղապետ Ֆէլիքս Մելիքեանը ըսած է. «Փառք Աստծոյ, էս պահին կարեւորը մարդկային հնարաւոր կորուստները ճշդելն էր, չունենք, ամենակարեւորը, իսկ նիւթական կորստի չափը ճշդւում է»:

Կոթիի ուղղութեամբ, ըստ գիւղապետի, կրակած են մօտ 3 ժամ, հայկական դիրքերու ու գիւղի վրայ: