Ինչպիսին հոգեւորականութիւնն է, այդպիսին ալ անոնց առաջնորդն է։ Ատրպէյճանցիները մերկացուցած են Ալահշուքիւր Փաշազատէն:
Պլոկըր Թուրալ Սատըղլին յայտարարած է, որ չեխական Քարլովի Վարի հանգստավայրին մէջ նկատած է բնակելի շէնքերու համալիր, որոնք կը պատկանին Ալահշիւքիւրին եւ անոր եղբօրը` Ատրպէյճանի խորհրդարանի պատգամաւոր՝ Ճաւանշիրին։
Ան նաեւ հրապարակած է լուսանկարներ:
Ատրպէյճանցիներու գլխաւոր հոգեւորականին շտապ արդարանալ պէտք էր, իսկ քանի որ չէ կրցած հերքել ակնյայտ փաստը, ան ստիպուած էր բան մը յօրինել եւ ան յայտարարած է սադրանքի եւ սուտի մասին, որ «այդ թեմայով զրուցած է նախագահին հետ», բայց այդ ամէնը համոզիչ չէ եղած։
Փաշազատէն հեծանիւ չէ յօրինած եւ որոշած է յիմարացնել մարդոց փորձուած զէնքով` հայերու վրայ յարձակումներով։ Այն, ինչ ան ըսած է, շատ ձանձրալի է, մեզմէ արեւելք ինկած երկրին մէջ այդ ամէնը կրկնած են եւ կը կրկնեն ամէն օր մի քանի անգամ, բայց որոշ գլուխգործոցներ կ'ապշեցնեն զառանցանքի անհաւանականութեամբ։ Ճիշդ է, անհնար է պատկերացնել, որ ատրպէյճանական հասարակութիւնը կրնայ հաւատալ անոր` հակառակ տարուող քարոզչութեան։
Ահա մէկ օրինակ այն զառանցանքէն, որու համաձայն` հայերը 200 տարի առաջ դարձած են ատրպէյճանցիներու հարեւանները։ Հիանալի պատմական բացայայտում, յատկապէս եթէ հաշուի առնենք, որ ոչ թէ 200, այլ մէկ դար առաջ ատրպէյճանցիներ գոյութիւն չունէին, այդ ցեղերը միաւորած են Ատրպէյճանի անուան տակ եւ ստեղծած է հանրապետութիւն` կատարելով Թուրքիոյ կամքը։ Իսկ ահա Ալահշուքիւր-աստուածաբանի բացայայտումը հայերու կողմէ «հին ատրպէյճանական հողի վրայ մզկիթները պղծելու» մասին անձամբ ինձ համար նորութիւն էր։
Սկսինք վերջերս հնչած արդարացի դիտողութիւն մը վերաձեւակերպելով` «հին հողեր» ունենալու համար պէտք է գոնէ հնագոյն ըլլալ։ Իհարկէ, ոմանց համար 99 տարին հնութիւն է, ուրիշներու համար ալ` մատակը հարսնացու, բայց չէ՞ որ Ալահշաքիւրը մզկիթներու մասին նոյնպէս յորինած է։
Եթէ Հայաստանի մէջ ինչ-որ մզկիթներ քանդուած են, ապա այդ եղած է բացառապէս խորհրդային իշխանութեան օրօք, որ պայքարած է կրօնի դէմ եւ պայթեցուցած ոչ միայն մզկիթները, այլ նաեւ եկեղեցիներն ու սինակոկները։
Եւ յետոյ` աշխարհի մէջ հին ատրպէյճանական մզկիթներ չեն եղած եւ չեն կրնար ըլլալ, ինչպէս նաեւ՝ թրքական։ Թրքական մզկիթները կրնային կառուցուիլ 1920-էն յետոյ, իսկ ատրպէյճանականներե` 1991-էն յետոյ։ Մզկիթները, որոնք եղած են այսօրուայ Հայաստանի եւ ներկայ Թուրքիոյ տարածքներուն եւ այն վայրերուն մէջ, որոնք 1918-էն որոշած են Ատրպէյճան անուանել, կառուցուած են պարսիկներու, արաբներու կողմէ, բայց ոչ թուրքերու եւ անոնց կրտսեր եղբայր ատրպէյճանցիներու կողմէ։
Մէկ պարզ պատճառով, որ թուրքերն այդ ժամանակ ոչինչ չեն կառուցած, բացի կաւաշէն տուներէն եւ այդ ալ հայ շինարարներու եւ պարսիկներու օգնութեամբ։ Երեւանի մէջ մարգարիտ կ'անուանեն պարսկական Կապոյտ մզկիթը, այն կը գործէ, հիանալի վիճակի մէջ կը գտնուի եւ ոչ ոք այն պղծելու մտադրութիւն ունի: Իրանցիները յաճախ կ'այցելեն Երեւան, յատկապէս Նովրուզի օրերուն շատ կ'երթան այնտեղ։
Ես արդէն գրած եմ այն մասին, որ զարմանալի չըլլար, եթէ անաչառ վերլուծութեան ժամանակ պարզուի, որ այսօր Պաքուի մէջ գտնուող որեւէ նշանակալի շէնք ատրպէյճանցիները չեն կառուցած: Այդ քաղաքը կառուցած են ռուսերը, հրեաները, հայերը, պարսիկները, բայց ոչ այն ազգութեան ներկայացուցիչները, որոնք 100 տարի առաջ յայտնուած են այս տարածքին մէջ։
Վերջապէս, վերջին հակադարձում մոլլա Ալահշաքիւրի համար։ Ենթադրենք, որ հայերն իսկապէս պղծած են մզկիթները։ Անոնք ստիպուած պիտի ըլլային պղծել պարսկականները, քանի որ ուրիշ մզկիթներ չեն եղած։ Եւ եթէ իսկապէս նման բան ըլլար` ինչպիսին կ'ըլլար Իրանի մէջ հայերու նկատմամբ վերաբերմունքը։ Կը կարծեմ, որ սա հռետորական հարց է։
Բայց Իրանի հայ համայնքը յարգուած համայնք մըն է: Հայերը Իրանի մէջ ազատ կը գործեն, ունին հայկական եկեղեցիներ, զանոնք ոչ ոք չի փակէր, չի պղծէր եւ չի պայթեցնէր:Հայերը իրանցիներուն եւ միւս ժողովուրդներուն հետ միասին բազմազգ երկրի քաղաքացիներ են։ Դարերով իմաստնացած երկու ժողովուրդները կրնան ապրիլ կողք կողքի, որովհետեւ հազարամեակներու փորձն ի զուր չէ։
Երբ դուն 99 տարեկան ես եւ կ'ուզես աւելի մեծ երեւալ, կը սկսիս քեզի վերագրել այն ամէնը, ինչ ստեղծած են հարեւանները։ Մեծ բանաստեղծը քուկդ կը դարձնես եւ կը պարզուի, որ հայկական եկեղեցիները նոյնպէս քուկդ են:
Նիւթը ՝ «Սփութնիք»էն