Ազրպէյճան պիտի չմասնակցի այսօր՝ 17 նոյեմբերին Երեւանի մէջ կայանալիք Արեւելեան գործընկերութեան (ԱլԳ) արտաքին գործոց նախարարներու ոչ պաշտօնական ութերորդ հանդիպման: Այս մասին Մետիամաքսին յայտնած է ՀՀ արտաքին գործերու նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Տիգրան Բալայեանը:
«Արեւելեան գործընկերութեան անդամ բոլոր երկիրներուն Հայաստանի կողմէ հրաւէրներ ուղարկուած են: Ազրպէյճանը հրաժարած է հանդիպման մասնակցելէ»,-տեղեկացուցած է Տիգրան Բալայեան:
Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներն են՝ Հայաստան, Ազրպէյճան, Վրաստան, Ուքարինա, Մոլտովա, Պելառուս: