image
Հրատապ լուրեր:

Ազրպէյճան իր դեսպանատունը Դամասկոսէն Պէյրութ կը տեղափոխէ

Ազրպէյճան   իր դեսպանատունը Դամասկոսէն  Պէյրութ կը տեղափոխէ

 Լիբանանեան   լրատուական աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ Ազրպէյճան որոշած է   Դամասկոսի մէջ գործող իր դեսպանատունը     Պէյրութ  փոխադրել: Կը հաղորդուի նաեւ, որ   դեսպանատունը  թղթատարական գործեր  պիտի կատարէ  երկու  երկիրներուն ՝ Սուրիոյ եւ Լիբանանի  քաղաքացիներուն համար:     Դեսպանատուն  կեդրոնատեղին պիտի ըլլայ լեռնալիբանանի քրիստոնէաբնակ «Այն Աաար» շրջանը եւ         դեսպանատան գործունէութիւնը պիտի սկսի  մօտիկ յառաջիկային: Նոյն օրակարգով   ՀՅԴ  Հայ  Դատի Մարմնի       Պէյրութի  գրասենեակը  հաղորդագրութեամբ մը  հանդէս գալով    կասկածելի համարած է Ազրպէյճանի      կատարած  այս քայլը: Հայ Դատի գրասենեակը նաեւ դիտել տուած է, որ Պաքուի  այս քայլը մտահոգիչ է, որովհետեւ Ազրպէյճան  կը համարուի Լիբանանի  թշնամի համարուող երկրին ՝ Իսրայէլի   սերտ  գործակիցը:  Նշենք, որ  Հայ Դատի  գրասենեակի  հրապարակած հաղորդագրութիւնը   լոյս ընծայուած է    Լիբանանի    տեղեկատուական գործակալութեան  կողմէ, որ  կը համարուի  երկրի պաշտօնական  բանբերներէն  մին: