Լիբանանեան լրատուական աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ Ազրպէյճան որոշած է Դամասկոսի մէջ գործող իր դեսպանատունը Պէյրութ փոխադրել: Կը հաղորդուի նաեւ, որ դեսպանատունը թղթատարական գործեր պիտի կատարէ երկու երկիրներուն ՝ Սուրիոյ եւ Լիբանանի քաղաքացիներուն համար: Դեսպանատուն կեդրոնատեղին պիտի ըլլայ լեռնալիբանանի քրիստոնէաբնակ «Այն Աաար» շրջանը եւ դեսպանատան գործունէութիւնը պիտի սկսի մօտիկ յառաջիկային: Նոյն օրակարգով ՀՅԴ Հայ Դատի Մարմնի Պէյրութի գրասենեակը հաղորդագրութեամբ մը հանդէս գալով կասկածելի համարած է Ազրպէյճանի կատարած այս քայլը: Հայ Դատի գրասենեակը նաեւ դիտել տուած է, որ Պաքուի այս քայլը մտահոգիչ է, որովհետեւ Ազրպէյճան կը համարուի Լիբանանի թշնամի համարուող երկրին ՝ Իսրայէլի սերտ գործակիցը: Նշենք, որ Հայ Դատի գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութիւնը լոյս ընծայուած է Լիբանանի տեղեկատուական գործակալութեան կողմէ, որ կը համարուի երկրի պաշտօնական բանբերներէն մին: