Այսօր իր տուած տարեկան ամփոփիչ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Հայաստանի հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալբանդեան քննադատած է Ազրպէյճանի կողմէ սահմանին լարում ստեղծելու միտող գործողութիւնները: Հայաստանի դիւանագիտութեան պետը նաեւ ըսած է, որ Հայաստան շատ հաստատ քայլերով կը հետեւի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խումբին կողմէ յառաջ մղուող քայլերուն ի հեճուկս Ազրպէյճանին , որ ծայրայեղական քայլերով ոտնակոխ կընէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խումբի ընդհանուր թելադրանքները: Նախարարը նաեւ քննադատած է Ազրպէյճանի կողմէ ծանր զինատեսակիի օգտագործումը, բան մը որ լարումը կը սրէ եւ յաւելեալ զոհերու պատճառ կը հանդիսանայ: