image

«Այսօրուան ակնկալութիւնը ՝ դէպի Երեւան փոխադրութիւն եւ տուն-տեղի ապահովումն է». Լիբանանահայ Ռաֆֆի Մելքիսէթեան

«Այսօրուան ակնկալութիւնը ՝ դէպի Երեւան փոխադրութիւն եւ  տուն-տեղի ապահովումն է». Լիբանանահայ Ռաֆֆի Մելքիսէթեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ լիբանանահայ Ռաֆֆի Մելքիսէթեան.


 -Վերջին շրջանին տարբեր հարթակներէ կը լսուին  տեղեկութիւններ այն մասին, որ մեծ  թիւով լիբանանահայեր կը պատրաստուին հեռանալ Լիբանանէն եւ հաստատուիլ Հայաստան, ինչքանո՞վ ճիշդ է այս տեղեկութիւնը:


Իմ կարծիքով, այո՛, մեծ է Հայաստան հաստատուիլ փափաքող լիբանանահայերու թիւը, մանաւանդ որ գրեթէ երկու տարի է շատ ծանր պայմաններու մէջ յայտնուած է լիբանանցին ընդհանրապէս, որոնց շարքին նաեւ լիբանանահայութիւնը։ Վստահաբար անոնցմէ  շատեր կորսնցուցած են իրենց աշխատանքը, անգործ են, որեւէ բանի ծախս չեն կրնար հոգալ, հետեւաբար, եթէ Հայաստան տանելու ծրագիր մը կամ այդ առումով օժանդակութիւն մը ըլլայ, վստահ որ մարդիկ կը փափաքին այդ քայլին դիմել:

 

-Ձեր կարծիքով Հայաստան հաստատուիլ ուզողները միջի՞ն դասակարգի մարդիկ են, թէ՞ աւելի անապահով խաւերու ներկայացուցիչներ, ի՞նչ է տոկոսայն համեմատութիւնը:


Կը կարծեմ որ տարբեր դասակարգի մարդիկ Լիբանանէն հեռանալու նպատակ կ'ունենան, մեկնելով տարբեր պատճառներէ: Անապահով կամ միջին խաւի մարդոցմէ շատեր նիւթական պատճառներով կ'ուզեն հեռանալ, որովհետեւ իրենց գործերը կորսնցուցին, շատեր ալ այս վերջին պայթումին հետեւանքով նոյնիսկ իրենց տուները կորսնցուցին:  Միջին դասակարգէն աւելի բարձր խաւի մարդիկ ալ փափաք կ'ունենան հեռանալու՝ երկրի անկայուն վիճակէն դրդուած: Վստահ որ տոկոսային համեմատութեամբ, նիւթապէս ծանր պայմաններու մէջ յայտնուած մարդիկ աւելի շատ եւ աւելի արագ պիտի մտածեն այդ մասին:

 

-Եթէ պատահի որ այդ առիթը ստեղծուի, լիբանանահայութիւնը ի՞նչ ակնկալիք ունի, ի՞նչ կը սպասեն Հայաստանի իշխանութիւններէն:


Կը կարծեմ, որ նուազագոյն ակնկալութիւնը պէտք է ըլլայ անոնց դէպի Երեւան փոխադրութեան ապահովումը եւ տուն տեղ դասաւորելը. անշուշտ կարեւոր է նաեւ անոնց կամաց-կամաց ալ գործ ապահովել, որ մարդիկ կարենան ապրուստնին հոգալ, որովհետեւ Հայաստանի կառավարութիւնը չի կրնար երկար ժամանակի վրայ անգործ մարդոց ապրուստը ապահովել, գումար տալ:

 

-Եթէ Լիբանանի մէջ այս աւերիչ պայթումէն ետք քաղաքական լուծման հանգրուան մը բացուի, արդեօք դարձեալ լիբանանահայերը կը փափաքին հեռանալ երկրէն, ի՞նչ կը մտածէք այս առումով:


Այս պարագան ամէն մարդու քով տարբեր կը դրսեւորուի, բայց մարդիկ տարիներու ընթացքին արդէն խրտչած եւ զզուած են Լիբանանի մէջ եղած խնդիրներէն, որովհետեւ ներկայ իրավիճակը երէկ  եղած  պատմութեան մը արդիւնքը   չէ: Վստահ որ կան մարդիկ, որոնք փոփոխութեան յոյս մը ըլլալու պարագային ետ կը կանգնին գաղթելու գաղափարէն, եւ կան նաեւ մարդիկ, որ արդէն վճռականօրէն  որոշած են իրենց ապագան Լիբանանէն դուրս կառուցել, շատեր մինչ այս արդէն կը փափաքէին տեղափոխուիլ Հայաստան եւ հիմա այս պայթումը յաւելեալ պատճառ մը եղաւ, որ այդ քայլը առնեն:

 

- Կ'ըսուի որ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն, ընդ որում հայերուն  ապագան վտանգուած է, իրապէ՞ս այդ վտանգը գոյութիւն ունի այսօր, ինչպէ՞ս կը դիտարկես խնդիրը:

Ես ալ կը հաւատամ, որ  այսօր Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն  ապագան վտանգուած է, մանաւանդ նկատի ունենալով վերջին տարիներուն Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ կատարուածները, որոնց հետեւանքով ալ այսօր մեծ թիւով սուրիահայեր Երեւան հաստատուած են:

Այո՛, քրիստոնէութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ իր  առաջուան դիրքը կորսնցուցած է, միակ երկիրը, ուր քրիստոնեայ ժողովուրդ մնաց՝ Լիբանանն է, սակայն այստեղ ալ հայերուն թիւը բաւական նուազած է, նոյնիսկ արաբ քրիստոնեաները Լիբանանէն հեռանալու փափաք ունին:

Լիբանանի մէջ քրիստոնեաները ընդհանրապէս միւս համայնքներու՝ սիւննիներու եւ շիիթերու կողէ  կ'օգտագործուին որպէս «մարդկային վահան»ներ,  եւ այդ   մէկուն հետեւանքով է, որ մենք կը տառապինք։