Ինչպէս լրահոսին մէջ յայտնի դարձաւ Լոս Անճելոսի հայութիւնը երէկ բազահազար հայորդիներու մասնակցութեամբ կատարեց մեծ հաւաք ց առ ի բողոք Ատրպէյճանի հակահայ քաղաքականութեան եւ յատկապէս հազադելով հայկական սահմաններուն ուղղութեամբ թշնամիին կատարած վերջին սադրանքներուն։Այդ առթիւ «Արեւելք» կարճ զրոյց մ՚ունեցաւ Արեւմտեան Ամերիկեայի Համահայկական Խորհուրդի անդամ, հասարակական գործիչ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանին հետ։Յիշեցնենք, որ երէկուան բողոքի ցոյցը կազմակերպուած էր Ամերիկայի Արեւմտեան ափի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան կողմէ (AYF)։
Պրն. Յովսէփեան, ինչպէս կը գնահատէք ընդհանուր իրավիճակը եւ Լոս Անճելոսի մէջ հազարաւոր հայորդիներու ներկայութեամբ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցը ինչ թելադրականութիւն ունի։
Մենք հաւաքուեցանք ենք յանուն խաղաղութեան եւ յանուն Հայաստանի հողի ու հայրենի հայութեան պաշտպանութեան:
Մենք եկած ենք շատ յստակ կերպով արտայայտելու մեր զօրակցութիւնը Հայաստանի ժողովուրդին եւ անոր պաշտպանութեան գործին լծուած հայոց բանակին, որովհետեւ երբ վտանգուած է նոյնիսկ մէկ հայորդի, երբ վտանգուած է հայոց հողը, կը վտանգուի նաեւ աշխարհասփիւռ հայութիւնը ու մեզմէ իւրաքանչիւրը` ուր ալ որ գտնուինք:
Մենք մեր հազարաւոր քոյրերուն եւ եղբայրներուն հետ ներկայ ենք որպէս հայ ազգի եւ հայոց հայրենիքի զինուորագրեալներ: Մենք եկած ենք վերանորոգելու մեր ուխտը յանուն մեր ազգային իտէալներուն եւ՝ «Մէկ ազգ, մէկ պայքար» հասկացողութեան:
Մեր, այսինքն լոսանճելըսահութեան, ու անոր ճամբով համայն սփիւռքահայութեան յստակ պատգամը այսօր կ'ուղղենք Ատրպէյճանի բռնատէրերուն եւ իրենց հովանաւոր թրքական Ֆաշշական իշխանաւորներուն` հաստատելով թէ խանգարել Հայաստանի խաղաղ կեանքն ու անդորրը, կը նշանակէ յարձակում գործել համայն հայ ազգին վրայ` ինչը մեզ բոլորս կը վերածէ հայոց պաշտպանական բանակի անմիջական մասի:
Վերջապէս, մեր պատգամը նաեւ կ'ուղղուի ԱՄՆ-ի իշխանութիւններուն եւ քաղաքական շրջանակներուն, յորդորելու անոնց զսպել Հայաստանի դէմ գործադրուող սադրանքները, եւ իրենց բոլոր միջոցներով նպաստել Հայաստանի սահմաններուն վրայ խաղաղութեան եւ անդորրի վերահաստատման: