Սաատ Հարիրիի Պէյրութ վերադարձը այսօր տօնի վերածուեցաւ Հարիրի, որ այսօր արեւծագին Պէյրութ ժամանեց մասնակից եղաւ Լիբանանի Անկախութեան 75-րդ տարեդարձի զինուորական տողանցքին ու ապա Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ նախագահ զօր. Աունին եւ խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրիի կողքին ընդունեց պաշտօնական անձնաւորութիւններու շնորհաւորանքները:
Հարիրի ապա կարճ խօսք մը արտասանելով յայտնեց, որ նկատի առնելով ընդհանուր իրադրութիւնը ու յատկապէս լսելէ ետք նախագահ Աունի յորդորները յետս կը կոչէ իր Ռիատի մէջ տուած հրաժարականը: Սաատ Հարիրի ապա ուղղուեցաւ «Պէյթ ալ ուասաթ» ուր դիմաւորուեցաւ զինք ընդունելու եկած հազարաւոր համակիրները:
Հարիրի հոն հանդէս եկաւ կարճ խօսքով մը եւ յայտնեց իր շնորհակալութիւնը այս առթիւ Լիբանանի չորս ծագերէն Պէյրութ ժամանած իր համակիրներուն: Ան մասնաւորապէս ըսաւ «Այս պահը պատմութեան պահն է. Ան որ աչք ունի թող տեսնէ եւ ան, որ ականջ ունի թող լսէ»:
Հարիրի, որ երեք անգամներ շնորհակալութիւն յայտնեց իր համակիրներուն դիտել տուաւ, որ « Այս պահը չեմ կրնար մոռնալ: Ասի հաւատարմութեան պահն է: Ես ձեր հետ եմ, ձեր կողքին եմ, դուք որ աշխարհին հաւատարմութիւն կը սորվեցնէք»:
Յիշեցնենք, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական սուր տագնապ մը ծայր առած էր 4 նոյեմբերին Ռիատի մէջ իր վարչապետի պաշտօնէն հրաժարելու մասին Սատ Հարիրիի կատարած յայտարարութենէն ետք: Աւելի ուշ Հարիրիի հրաժարականին ու ապա Ռիատ կեցութեան պայմաններուն մասին տարաբնոյթ խօսակցութիւններ ծաւալած էին ու խնդիրը վերածուած էր միջազգային հասարակութիւնը յուզող հարցի, մինչեւ Սաատ Հարիրիի Փարիզ ու անկէ ետք Գահիրէ, Կիպրոս եւ Պէյրութ վերադառնալը:
Սաատ Հարիրի իր տուած հրաժարականը յետս կոչելէն ետք նոր իրավիճակ ստեղծուած է Պէյրութի մէջ եւ յառաջիկայ օրերուն պատկերը աւելի եւս պիտի յստականայ: