image
Հրատապ լուրեր:

Այս օրերուն մեզի համար չյուսալը մահ է. Հալէպահայ ուսուցչուհի

Այս օրերուն մեզի համար   չյուսալը մահ է. Հալէպահայ  ուսուցչուհի

«Այս օրերուս հալէպահայութիւնը մէկ աչքով խնդաց ու միւսով արտասուեցաւ»,- «Արեւելք»ին ըսաւ  հալէպահայ ուսուցչուհի Լալա Միսկարեան- Մինասեան:    Ան նաեւ  ըսաւ, թէ «Գերմանիոյ խորհրդարանի կողմէն հայոց ցեղասպանութիւնը ընդունելու առթիւ տակաւին զիրար չշնորհաւորած՝ հրթիռներու տարափ տեղաց քաղաքին ու յատկապէս հայաշատ Նոր Գիւղին վրայ։ Կրկին ունեցանք զոհեր, կրկին սահմռկեցանք, կրկին մահուան խիստ մերձաւորութեան անդրադարձանք։ Այնուամենայնիւ՝ անոնք որ կը շարունակեն մնալ հոս ու ազգային ծառայութիւններու մէջ են, անխոնջ ու առաւել շեշտուած ջանքերով կը կատարեն իրենց գործը»։  Հայոց լեզուի եւ   գրականութեան  երկար տարիներու  ուսուցչուհիին  խօսքով «Հալէպը տակաւին կը գիտակցի, որ հայապահպանումի կարեւոր օճախ ըլլալէն չէ դադրած»։  

Պատասխանելով մեր  հարցումին, կապուած Հալէպի վերջնական  ազատագրման  Միսկարեան  ըսաւ. «Կը լսենք, թէ վճռական հարուածին ու Հալէպի ազատագրումին պահը մօտեցած է, բայց անցնող տարիներուն նման յայտարարութիւններ այնքան շատ լսեցինք, որ հաւատ ընծայելու կը դժուարանանք։ Անձնապէս կը նախընտրեմ ո՛չ խանդավառուիլ դրական կանխատեսումներէն կամ գուշակութիւններէն,  ո՛չ ալ վհատիլ ժխտականէն։ Այս չորս- հինգ տարիները  զմեզ  սորվեցուցին առաւել բաց աչքերով նայիլ կեանքի իրականութիւններուն եւ որեւէ պետութեան քաղաքականութեան հետ կապուած պատրանքներ չունենալ»։  Խօսելով  այսօր  հալէպահութեան  ունեցած  ընդհանուր   հոգեբանական իրավիճակին  մասին Միսկարեան նշեց, թէ «Մենք հիմա յոռետես ըլլալու իրաւունք չունինք, քանի որ չյուսալը մեզի համար մահ է։ Այս պայմաններու մէջ զմեզ ոտքի պահողը յատկապէս հաւատքն է ու յոյսը, եւ եթէ այդ ալ կորսնցնենք՝ անիմաստ կը դառնայ որեւէ պայքար։ Հարիւրամեայ այս գաղութը աւելի խոր արմատներ ունի· հոս եղած է Տիգրան Մեծ, հոս եղած է Սասնայ Մհեր, հոս հայը դարեր շարունակ ներկայութիւն եղած է ու մանաւանդ՝ ուշագրա՛ւ, ազդեցի՛կ, ստեղծագո՛րծ ներկայութիւն, որու մասին կը վկայեն նաեւ արաբները։ Այս գաղութի ապագային հանդէպ   յուսահատ չենք կրնար ըլլալ։ Ան պիտի յարատեւէ, նոյնիսկ եթէ նախկին տարողութիւնը ու կշիռը չունենայ»:

Տիկն. Լալա Միսկարեան Մինասեանի հետ «Արեւելք»ի  կատարած    հարցազրոյցը ամբողջութեամբ պիտի տեադրենք աւելի ուշ կայքի «Հարցազրոյց»  բաժնին  մէջ: