Նորջուղայեցի անգլերէնի ուսուցչուհի Կրեթա Յովհաննիսեանը Սպահան նահանգի միջնակարգ դպրոցներու մակարդակով ճանչցուած է լաւագոյն ուսուցչուհի: Այս մասին կը տեղեկանանք Սպահանէն: Լրատուամիջոցները նշած են, որ Յովհաննիսեանը, մասնակցելով «Ուսուցիչներու վարքային որակներու բացայայտումն ու ծանօթացումը՝ ուսուցման եւ վերապատրաստման համապարփակ համակարգին մէջ» մրցութային միջոցառման, այս շրջագիծէն ներս սահմանուած չափորոշիչներու հիմամբ՝ նահանգի միջնակարգ դպրոցներու մակարդակով ճանչցուած է լաւագոյնը:
Կրեթա Յովհաննիսեանը 2006 թուականէն որպէս անգլերէնի ուսուցչուհի կ'աշխատի Սպահան քաղաքի Ուսումնա-դաստիարակութեան 2-րդ շրջանի հիմնարկի միջնակարգ դպրոցներուն մէջ եւ անցնող ուսումնական տարեշրջանին դասաւանդած է «Ռահմաթ 2» եւ «Ֆարզանեկան Ամին» փայլուն տաղանդներով աշակերտներու միջնակարգ աղջկանց դպրոցներուն մէջ։
Ան իրանական 1393-94 եւ 1396-97 ուսումնական տարիներուն մասնակցելով «Ռոշտ»-ի անուան ներքոյ կազմակերպուած ելեկտրոնային բովանդակութեան ստեղծման փառատօնին՝ նոյնպէս լաւագոյնը ճանչցուած է Իրանի մէջ։