«Արեւելք»-ի հարցումներուն կը պատասխանէ հալէպահայ կրթական գործիչ՝ Պէթի Քիլէրճեան.
| Ճեմարանի նուաճումներէն մէկը այս տարի այն էր, որ աշակերտները իրենց մասնակցութիւնը բերին Սուրիական Գիտական Ողիմպիականին եւ ունեցանք դափնեկիր եւ անդամ՝ ազգային խումբին։ |
-Ի՞նչ տրամադրութիւններով իր լրումին հասաւ ուսումնական տարեշրջանը. Ի՞նչ են ընդհանուր տրամադրութիւնները։
Ինչպէս ամէն երկիրներու, այդպէս ալ Սուրիոյ մէջ, դպրոցները մօտաւորապէս մէկ ամիս փակ պահուեցան պսակաձեւ ժահրի համաճարակին տարածման պատճառով: Ապրիլ ամսուան վերջաւորութեան Կրթութեան նախարարութիւնը 2019-2020 ուսումնական տարեշրջանը աւարտած յայտարարեց։
Սկզբնական շրջանին նման արտակարգ վիճակը շփոթի մատնեց, որովհետեւ տակաւին յստակ չէր, թէ ինչպիսի աւարտ պիտի ունենայ ուսումնական այս տարին։ Ընթացքին տեղի ունեցան առցանց դասեր, Կրթական նախարարութիւնը իր կայքէջին եւ պատկերասփիւռի կայանին միջոցով սփռեց բոլոր կարգերու դասերը եւ ամբողջացուց այն բացթողումները, որոնք մնացած էին համաճարակին հետեւանքով:
Հիմնական դժուարութիւնը 9-րդ եւ 12-րդ կարգի աշակերտութեան համար էր, նկատի ունենալով, որ անոնք պիտի յանձնէին պետական քննութիւն, բայց բարեբախտաբար երկու կարգերն ալ իրենց կրթական ծրագիրները ամբողջացուցած էին, ընթացքին տեղի ունեցան առցանց փորձ-քննութիւններ, աշակերտները միշտ կապի մէջ էին տնօրինութեան, դաստիարակներուն եւ ուսուցիչներուն հետ։ Կրթութեան նախարարութիւնը դիմեց նաեւ այլ քայլի մը, երբ բոլոր այն դասերը, որոնք ըստ կրթական դասացոյցին պիտի մատուցուէին 13 Մարտէն ետք, քննութեան մաս չկազմեցին եւ չեղեալ համարուեցան: Այս քայլը, նման պայմաններուն, որոշ չափով աշակերտներուն համար առաւել հեշտացուց քննութիւնները։
-Պիտի ուզէինք ձեզմէ լսել անցնող տարեշրջանի ընթացքին կրթական հաստատութեանց ունեցած հիմնախնդիրներուն եւ դժուարութիւններուն մասին։
Չեմ կրնար բոլոր կրթական հաստատութեանց անունով խօսիլ, սակայն Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի պարագային ուսումնական այս տարեշրջանը կ՚ընթանար շատ հեզասահ եւ բնականոն պայմաններու մէջ։ Կարելի է ըսել Ճեմարանը վերագտաւ նախապատերազմական իր օրերը, վերաշխուժացան արտադասարանային յայտագիրները, աշակերտները նշեցին բոլոր ազգային տօները, մասնակցութիւն բերին բոլոր միջ-վարժարանային մրցաշարքերուն։ Զբօսանքներուն աշակերտութիւնը սկսաւ վայելել Ճեմարանի «Ռատիօ ժամ»ը։ Յատկանշական էր, որ այս տարեշրջանին բարեզարդուեցան Ճեմարանի բնագիտութեան եւ քիմիագիտութեան զոյգ տարրալուծարանները եւ համակարգիչի սենեակը։
Ճեմարանի նուաճումներէն մէկը այս տարի այն էր, որ մեր աշակերտները իրենց մասնակցութիւնը բերին Սուրիական Գիտական Ողիմպիականին, ունեցանք դափնեկիր եւ անդամ՝ ազգային խումբին։
-Գիտենք, որ պատերազմին հետեւանքով մեծ թիւով հալէպահայեր ստիպուած եղան լքել Սուրիան եւ մասնաւորապէս Հալէպը. այդ մէկը ազդե՞ց կրթական համակարգին վրայ:
Ինչպէս յայտնի է, գաղութի թիւի նուազումը իր ազդեցութիւնը ունեցաւ կրթական համակարգին վրայ, որու պատճառով դպրոցներ փակուեցան։ Սակայն եթէ անդրադառնանք կրթական ծրագրերուն, ըլլան դասարանային եւ կամ արտադասարանային, բոլոր ծրագիրներն ալ կը կատարուին լիարժէք համակարգով։
-Տարբեր առիթներով ալ խօսուեցաւ մարդուժի պակասին մասին եւ մեծ թիւով ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու հեռացման հետեւանքով ստեղծուած բացին մասին: Այդպէ՞ս է. կա՞յ այդպիսի տագնապ։
Մարդուժի պակասը ոչ միայն կրթական համակարգին մէջ եղաւ, այլ՝ բոլոր ոլորտներուն։ Այս դժուարութիւնը կանխարգիլելու համար դպրոցները, նախքան իւրաքանչիւր ուսումնական տարի, կը փորձեն համալրել ուսուցչական կազմը, այսինքն՝ ուսումնական տարուան սկիզբին հետ ամբողջացած կ՚ըլլայ նաեւ ուսուցչակազմը։
-Յառաջիկայ տարուան ընդառաջ, ի՞նչ կը կարծէք հալէպահայ կրթական ոլորտը պիտի կարողանայ աւելի լաւ պայմաններու տակ գործել: Կա՞ն դրական նախանշաններ։
Միշտ ալ կան դրական նախանշաններ, եթէ մէկդի դնենք պսակաձեւ ժահրի զարգացումները. բնականաբար այդ պարագային եւս ստեղծուած պայմաններուն համաձայն նոր տնօրինումներ պիտի սահմանուին: Հալէպահայ կրթական մարմինները միշտ ալ կ՚աշխատին լաւագոյն մակարդակի հասցընել մեր դպրոցները, միշտ նորարարութիւններու հետ քայլ կը պահեն եւ կը ստեղծեն արդի մանկավարժական պայմաններ։
Մեր դպրոցները պիտի շարունակեն իրենց առաքելութիւնը՝ հայեցի եւ ազգային դաստիարակութիւն տալը, հայ լեզուի եւ մշակոյթի պահպանումը ու հիմնականը Սփիւռքի տարածքին հայապահպանումը։
-Որպէս ուսուցիչ պիտի շարունակէ՞ք մնալ այս ասպարէզին մէջ: Ի՞նչ կը մտածէք Հալէպի մէջ այս ասպարէզին մէջ մնալու դժուարութեանց մասին։
Երբեք չեմ մտածած դուրս գալ այս ասպարէզէն, որուն հիմնական նպատակը բարոյական բարձր արժանիքներով ապագայ սերունդ պատրաստելն է, ապահովել անոնց ինչպէս՝ գիտելիքի աճը, այդպէս ալ հոգեկան առողջ զարգացումը, նպաստել անոնց հայեցի ազգային դաստիարակութեան։ Բնակաբար այս ասպարէզն ալ ունի իր դժուարութիւնները, սակայն կը տարբերի միւսներէն այն առումով, որ աշխատանքէ աւելի այն առաքելութիւն մըն է։ Ուսուցիչները պէտք է միշտ քայլ պահեն արդի մանկավարժական մեթոտներուն հետ, ըլլան նորարար ու ստեղածագործող, փորձեն գոհացնել աշակերտներուն հետաքրքրութիւնները, բացայայտեն իւրաքանչիւր աշակերտի առանձնայատկութիւններն ու աշխատին զանոնք զարգացնելու գծով։ Ի վերջոյ առողջ սերունդ եւ ազգային դաստիարակութիւն. ահա մեր առաքելութիւնը։