«Շարըք Ալ Աուսաթ» թերթին փոխանցմամբ, շարք մը լիբանանցի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ Արեւմուտքի կողմէ սպառնալիք ստացած են այն բանէն ետք, երբ հրապարակուած է «Արտաքին յարձակումներու դէմ պայքարելու լիբանանցիներու իրաւունքը» խորագիրը կրող նախարարական յայտարարութիւնը:
Աղբիւրին համաձայն, շարք մը արեւմտեան երկիրներ, այդ թուին ԱՄՆ եւ եւրոպական երկիրներ,Բրիտանիոյ գլխաւորութեամբ, լիբանանցի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն փոխանցած են, որ իրենց դիրքորոշումն այս առումով շատ խիստ պիտի ըլլայ:
Թերթը դիտել տուած է, որ նման դիրքորոշում կը վերաբերի «Հըզպալլա»ն զինաթափելու հարցին, իսկ նախարարական յայտարարութեան մէջ անոնք վերջինիս գործունէութիւնը խթանող անուղղակի ազդակ նկատած են: