image
Հրատապ լուրեր:

«Արեւմտահայերը միշտ իրենց հողէն դուրս գրականութիւն ստեղծած են». Գրիգոր Պըլտեան

«Արեւմտահայերը միշտ իրենց հողէն դուրս  գրականութիւն ստեղծած են». Գրիգոր Պըլտեան

«Սփիւռքահայ գրականութեան վերջին փուլը 1980-90-ականներուն էր, երբ գրողներու առաջին սերունդը անհետացաւ, երկրորդ սերունդը ձեւաւորուեցաւ գլխաւորապէս Միջին Արեւելքի՝ Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ: Սակայն Լիբանանի պատերազմէն ետք, Միջին Արեւելքի քաղաքական խառնակութեան հետեւանքով, գրողները տարբեր ուղղութիւններով հեռացան»,- «Հայ ձայնի» հետ զրոյցի ընթացքին նշեց սփիւռքահայ նշանաւոր գրող, գրաքննադատ Գրիգոր Պըլտեանը՝ խօսելով սփիւռքահայ գրականութեան ներկայ խնդիրներու ու անոր առաջ ծառացած մարտահրաւէրներու մասին:

Գրողի խօսքով, Սուրիոյ մէջ  գրական սերունդ մը կը ձեւաւորուէր, սակայն վերջին իրադարձութիւններու պատճառով այդ գրողները ցրուեցան՝ մէկ մասը Հայաստան եկաւ, միւսը հաստատուեցաւ օտար երկիրներ: «Երիտասարդ գրողներ այժմ քիչ կան եւ անոնց չենք կրնար գրողներ համարել... Գլխաւոր հարցը այն է, որ գրողներու  միաւորող կեդրոն մը չկայ: Գրական մամուլ ալ այլեւս չկայ. Քանի մը շաբաթաթերթի յատուկ բաժին-յաւելուածներ միայն՝ «Ասպարէզ», «Հորիզոն», իսկ «Շիրակ», «Բագին» ամսագիրները  անկանոն ձեւով լոյս կը  տեսնեն , «Բագին»-ին մէջ գոնէ նոր անուններ կը  հանդիպինք:

Գրական մամուլը կը  ստեղծէ գրողը, մանաւանդ, երբ այդ մամուլը հետամուտ է, որ գրողները գրեն ու հրատարակեն իրենց ստեղծագործութիւնները»,- նշեց Պըլտեանը՝ ընդգծելով, որ այսօր գիր ու գրականութեան անմիջական արտայայտման հարթակը տպագիր մամուլի փոխարէն դարձած է համացանցը, սակայն այդպէս ներկայացուող ստեղծագործութիւնները դեռեւս նկարագիր չունին, այսինքն՝ կը բացակայի ընդհանուր ուղղութիւնը, հոսանքը, մտահոգութիւնները, գաղափարը, իւրաքանչիւրը իր ցանկութիւններուն համապատասխան կը  գրէ: Այսօր մարդիկ  կը կարծեն, թէ շարադրութիւն գրողը կրնայ նաեւ գրականութիւն ստեղծել: Բայց այդպիսիները գրական ստեղծագործութիւն չեն, համացանցը հրաշալի միջոց է առանց գրաքննութեան հրապարակել ստեղծագործութիւններ:

Պըլտեանի կարծիքով՝ ընդհանուր գեղագիտական սկզբունքներ այլեւս չկան, եւ այս երեւոյթը տիրական է ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ՝ արտերկիրներու մէջ: Հայաստանի մէջ ալ գրական մամուլ չկայ. «Պէտք չէ կարծել, որ անկազմակերպութիւնը միայն սփիւռքին  յատուկ է»,- գրողը այս կարծիքը ունի:

Գրականութիւնը, ըստ Պըլտեանի, ինքն իրեն պէտք է ծառայէ, չըլլայ գաղափարական միջոց: «Կարիք չկայ անընդհատ ըսելու, որ գրականութիւնը կը ծառայէ ազգի պահպանմանը: Եթէ գրականութիւն կը ստեղծուի, ապա այն կը ստեղծէ եւ՛ լեզու, եւ՛ ինքնութիւն »:

Մեր զրուցակիցը նշեց, որ սփիւռքի մէջ  գրողներու թիւը քիչ է, որովհետեւ պայմանները շատ հնարաւորութիւն չի տար, իսկ գրելու համար ամէնէ կարեւոր պայմաններէն մէկը մայրենի լեզուով միտքեր արտայայտելու ու անսխալ գրելու   հանգամանքն է: Ըստ Պըլտեանի ՝ հայ գրականութիւնը պէտք է հայերէնով ստեղծուի: «Չեմ կրնար պատկերացնել հայ գրականութիւն, որը կը ստեղծուի անգլերէնով կամ չինարէնով: Ճիշդ է, սփիւռքի մէջ  հայախօս մարդիկ շատ կան, բայց բոլորը այն մակարդակի  չեն  տիրապետեր, որ ստեղծեն գրականութիւն: Լեզուով մը գրելու համար, առնուազն, պէտք է այդ լեզուն դպրոցը  սորված ըլլայ անձ մը: Արեւմտեան գաղութներու մէջ ալ մայրենի լեզուն խորապէս չեն դասաւանդեր դպրոցներու մէջ: Ուստի դժուար վերածուի գրականութեան լեզուի: Բացի այդ, պէտք է նաեւ գրելու ցանկութիւն ու ընթերցող ըլլայ: Այսօր հայերէնով լոյս տեսնող գիրքերը արհամարհուած են հայութեան կողմէ: Հայութեան կարեւոր մասը տանը հայերէնով գիրքեր չունի: Արդէն հասկնալի է ինչու չեն կարդար եւ գիրքերը 50 տարի նոր կը մնայ …»:

Կայ հին Սփիւռք, որը արեւմտահայերէնի  կրողն  են, եւ նորը՝ Հայաստանէն արտագաղթածներն են, որոնք արեւելահայերէնով կը գրեն: Ըստ Պըլտեանի՝ վերջինները այնքան կազմակերպուած չեն, որքան նախկին սփիւռքը: Երբեմն այնքան ալ մտահոգուած չեն սփիւռքի մէջ գրականութիւն ստեղծելով: Արեւմտահայերը միշտ իրենց հողէն դուրս գրականութիւն ստեղծած են, իսկ արեւելահայերը այդ սովորութիւն չունին, եւ արեւմտահայերու մօտ զարգացած է այն մտայնութիւնը, որ գրականութիւնը  հող է: «Պատմութեան բերումով, լեզուն մեզի համար հայրենիք  դարձած է: Բայց այժմ մարդիկ, կարծես թէ, դադարած են այդպէս մտածել: Այժմ կդ գրեն օտար լեզուներով, այն լեզուներով, որը սորված են եւ  ոչ թէ իրենց մայրենի լեզուով»:

 

 

Նիւթը՝   «Հայ  Ձայն»էն: