image

Արդեօք արաբական այլ երկիրները կը հետեւի՞ն ԱՄԷ-ի օրինակին. Սպիտակ տան դիտարկումը

Արդեօք արաբական այլ երկիրները կը հետեւի՞ն ԱՄԷ-ի օրինակին. Սպիտակ տան դիտարկումը

Իսրայէլը յառաջիկայ քանի մը ամիսներու ընթացքին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (ԱՄԷ) օրինակով, կրնայ ըլլալ, որ յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորման մասին համաձայնութիւն կնքէ նաեւ մէկ այլ երկրի հետ: Այս մասին հինգշաբթի օր, Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցած ճեպազրոյցի ժամանակ յայտնած է ԱՄՆ-ի նախագահի խորհրդական՝ Ճարետ Քուշները:

«Ես կը մտածեմ, որ շատ մեծ հաւանականութիւն կայ»,- ТАСС-ի փոխանցումով՝ ըսած է ան, պատասխանելով այն հարցին, թէ արդեօք հնարաւոր է նաեւ մէկ այլ երկրի հետ յառաջիկայ ամիսներուն նման համաձայնութեան յանգիլ:

Ըստ Քուշների՝ Միացեալ Նահանգները բանակցութիւններ վարած է քանի մը երկիրներու հետ, սակայն անոնք դադրեցուած են, քանի որ ԱՄԷ-ի հետ ցայտուն առաջընթաց նկատուած էր, եւ Ուաշինկթընը որոշած է նախ կատարել այդ քայլը: «Այդ քանի մը երկիրներուն հետ մենք այժմ կը շարունակենք երկխօսութիւնը»,- բացատրած է Քուշներ:

Ամերիկացի նախագահի խորհրդականը նաեւ աւելցուցած է, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Իսրայէլի հետ համաձայնութիւն ձեռքբերելէն ետք փաստացի կը դառնայ տարածաշրջանի մէջ ԱՄՆ-ի ամենամօտ դաշնակիցներէն մէկը: «Այդ քայլի շնորհիւ ԱՄԷ-ն կը միանայ ընտրեալներու ակումբին եւ իրականութեան մէջ կը դառնայ տարածաշրջանի ԱՄՆ-ի ամենամօտ դաշնակիցներէն մէկը»,- ընդգծած է Քուշներ: