Խօսինք կենդանական աշխարհի օրինակով:
Ընթացիկ երեւոյթ է քաղաքական հարցերը, պետական դէմքերը կամ երկիրները պատկերել կենդանական աշխարհի կերպարներով: Այս պարագային յստակ է, սպիտակ արջը Ռուսաստանն է, իսկ գորշ գայլը՝ Թուրքիան: Հայոց ճակատագիրին հետ անմիջականօրէն առնչուած երկու հզօր ուժերը:
Այս երկուքին միջեւ գոյատեւելու հարցը արդէն դարձած է հայ կեանքի առաջնային օրախնդիրը: Հիւսիսէն ժամանած սպիտակ արջը ունի իր ախորժակները, Միջին Ասիայէն անցեալին Արեւմտեան Հայաստան ժամանած եւ անոր վրայ կայկայած գորշ գայլը ունի իրեն բնորոշ անյագ կատաղութիւնը:
Արցախեան վերջին պատերազմը ապացուցեց, թէ Հայաստան կը գտնուի երկուքին միջեւ, սպիտակ արջը իր սառն անտարբերութեամբ, մինչ գորշ գայլը իր կաթեղբօր հանդէպ անվերապահ զօրակցութեամբ՝ այս անգամ արեւելքէն երկարելով իր արնաթաթախ դունչը Արցախի եւ Հայաստանի ուղղութեամբ: Հետեւաբար, հարցերուն հարցը՝ ի՞նչպէս տոկալ եւ գոյատեւել այս գառագեղին մէջ. ի՞նչպէս խաղաղօրէն արարել ու զարգանալ հայրենի հողին վրայ:
Մեծխօսիկներ, պոռոտախօսներ եւ երազատես «տոն քիշոթներ» առանց հաշուի առնելու մեր հնարաւորութիւններն ու կարողութիւնները, չուզելով տեսնել առարկայական տուեալները, կը յոխորտան, յայտարարելով՝ որ պէտք է ըլլալ առիւծի նման եւ մէկդի նետելով սպիտակ արջը, ահաբեկել գորշ գայլը: Շատ յաճախ, նման յորդորներ, ի հարկէ անվճարօրէն կը բաշխեն ԱՄՆ, Գանատա, Փարիզ կամ Պէյրութ բազմած փոլոքիթոսներ: Անշուշտ, ո՞վ չ'ուզեր առիւծի նման դէմ դնել երկուքին եւ բաւիղէն դուրս գալ ճարպկօրէն յաջողակ եւ անվնաս: Արջն ու գայլը պիտի թողո՞ւն միթէ: Առիւծի նման հանդէս գալու համար, գոնէ ուժերը պիտի մօտենան հաւասար մակարդակի, որ, ցաւալիօրէն ցարդ չհասաւ այդ ցուցանիշին, մի քանի հարիւր տարիներէ ի վեր..: Օրինակ, Երկրորդ Աշխարհամարտին, այսպէս կը նկարագրէին իրաց վիճակը՝ մէկ կողմէ սպիտակ արջն էր (Խորհրդային Միութիւն)՝ Ստալինի ղեկավարութեամբ, միւսը՝ հսկայ փիղը (ԱՄՆ) Ռուզվէլթի գլխաւորութեամբ եւ երկուքին միջեւ փոքր առիւծը (Մեծն Բրիտանիա) Ու. Չըրչիլի առաջնորդութեամբ (A small lion walking between a great Russian bear and a great American elephant): Բայց, Հայաստան Անգլիա չէ, համեմատելն իսկ անհեթեթութիւն է:
Ուրեմն կայ երկու ճանապարհ.- կա՛մ ըլլալ աղուէսի նման՝ խորամանկելով, ճկուն քայլերով ապրելու համար, կա՛մ ոչխար՝ երկուքին կողմէ յօշոտուելու համար: Ուրեմն, կը մնայ շարժիլ իմաստութեամբ եւ գերազանց զգուշութեամբ: Այս պարագային, անհաւասարակշիռ աքլորութիւնը աղիտաբեր կրնայ ըլլալ:
Անցնինք աշխարհի մեծագոյն քաղաքագէտներէն մէկուն՝ Նիկոլօ Մաքիաւելիի «Տիրակալը» խիստ կարեւոր գործին, ուր կայ հետեւեալ միտքը.- «Ուստի, որպէս տիրակալ, պարտադրուած ես գիտնալ ինչպէս գործել որպէս գազան եւ անհրաժեշտ է սորվիլ աղուէսէն եւ առիւծէն: Որովհետեւ առիւծը անպաշտպան է թակարդներէ եւ աղուէսը անպաշտպան գայլերէ, ուրեմն պէտք է ըլլալ աղուէս՝ թակարդները նշմարելու համար եւ առիւծ՝ գայլերը վախցնելու համար: Անոնք որոնք կը գործեն պարզապէս միայն որպէս առիւծներ, անմիտներ են»:
Այս օրինակներուն լոյսին տակ, ի՞նչ պատահեցաւ Հայաստանի անկախութենէն ետք: Գորշ գայլը քիչ մը թմրած էր, Հայաստանի երեք նախագահները աղուէսի ոճով կրցան ամուր պահել ու պահպանել երկիրը՝ լեզու գտնելով սպիտակ արջին հետ: Ատրպէյճանն էր հակադրուած հիւսիսի արջին եւ տուժեց: Ռ. Քոչարեան աղուէսաբար երկրին կարեւոր կառոյցները տրամադրելով սպիտակ արջին՝ գոհ ձգելով զայն՝ պահպանեց երկիրը իր ոճով: Սակայն, Նիկոլ Փաշինեան, փոխանակ օգտուելու իր անուանակից իտալացի մեծ խորագէտին յորդորէն, մեծամտաբար ինքզինք կարծեց առիւծ մը՝ յայտարարելով՝ «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» կամ «հայ-ազերի բանակցութիւնները սկսիլ զերօ կէտէն», արհամարհեց ռուսական եւ միջազգային խաղաղարար տարբերակները: Այսինքն՝ ոչխարի ուժով երկիրը մռնչեց աջ ու ահեակ: Մինչ գորշ գայլը արդէն փոխած նկարագիր էրտողանէն ետք, պատեհ առիթը գտաւ թափանցելու Կովկաս եւ ձեռնոց նետելու սպիտակ արջին: Հայաստան եւ Արցախ ինքնաբերաբար գտնուեցան մոլեգնած գայլին եւ զայրացած արջին միջեւ: Աղուէսային քաղաքականութիւն վարելու փոխան, ականատեսն եղանք տիպիկ արեւելահայկական ճոռոմաբանութեան (լոփփազութեան): Ոչ աղուէսը եւ ոչ ոչխարը կրնան մռնչել ո՜վ տիրակալ: Եւ 44 օրեայ պատերազմը մարդկային, տարածքային, նիւթական, մշակութային, բարոյահոգեբանական, տնտեսական եւ քաղաքական առումներով անվերականգնելիօրէն աղիտաբեր հետեւանքներ ունեցաւ: Անտեղի առիւծութիւնը շատ թանկ նստեցաւ հայութեան վրայ, մինչ կը պահանջուէր լուռ եւ համբերատար աղուէս-ութիւն:
Անկէ ետք, ահա ականատես կ'ըլլանք աւելի կատաղի անխոհեմութեան, երբ մարդիկ երազելով ԱՄՆ-ի, ՆԱԹՕ-ի, Ֆրանսայի գոյութիւն չունեցող օգնութիւններ, ակնկալելով օդէն կախուած ռազմաքաղաքական օժանդակութիւններ, տակաւին կը մռնչեն գորշ գայլին եւ սպիտակ արջին քիթին տակ: Ո՛չ աշխարհաքաղաքական, ո՛չ առարկայական եւ ո՛չ ուժերու տրամաբանական յարաբերակցութիւններ հաշուարկելով՝ մեծ-մեծ կը նետեն Մոսկուայի հասցէին: Կ'ուզէ՞ք սպիտակ արջը առաւել գրգռել: Չմոռնաք, որ արջին պիտի փոխարինէ գորշ գայլը, մեզի շա՜տ ծանօթ արիւնկզակ գայլը:
1828-էն ի վեր հարաւային Կովկասի մէջ ներկայ է սպիտակ արջը: Մինչեւ հասնի Արաքսի ափին, մի քանի պատերազմներ ունեցաւ ան չէչէններու, չերքէզներու, պարսիկներու, թուրքերու դէմ: Իր գոյութիւնը կը պահպանէ ցարդ, որովհետեւ կենսական շահեր ունի անկասկած: Հոն մնալու համար ինչքա՜ն պատերազմներ ու արիւն թափած է Ռուսաստան (1828-29, 1853-56, 1877-1878, 1914-1918, 1920): Եւ սուր ճօճել, փքանալ, քմծիծաղիլ եւ յոյսեր կապել հեռաւոր երկիրներու հետ, կը նշանակէ՝ առիթ տալ անոր գորշ գայլին հետ ձեռք-ձեռքի առաւել բզքտելու Հայաստանը: Այնքան ատեն որ առիւծ չենք, եւ այնքան ատեն որ աղուէսի նման խորամանկութեամբ չենք շարժիր, կը դառնանք համեղ մատաղը երկու աւանդական հզօրներուն:
Այո, բարիք մը չէ սպիտակ արջը: Հրեշտա՞կ՝ առաւել եւս: Շատերու համար «չարեաց փոքրագոյն»ն է: Եւ նկատի ունենալով չարիքներուն տարբեր տեսակները, նախընտրելի է փոքրագոյնը: Իսկ մեծխօսիկութիւնը աւելի մեծ չարիք չէ՞ արդեօք:
Դարձեալ դիմենք քաղաքականութեան մեծ տեսաբանին. Ն. Մաքիաւելի կը գրէ՝ «Չարեաց փոքրագոյնը հարկ է ընդունիլ որպէս բարիք»:
ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ