Տալայ Լամա 14-րդը պատմած է, թէ օրական քանի ժամ կը քնանայ, եւ նշած, թէ իրեն ինչ պէտք է առողջ ըլլալու համար, գրած է «ՌԻԱ Նովոստի» լրատուական գործակալութիւնը:
«Պէտք է հասկնալ․ եթէ մեր միտքը անհանգիստ է տարբեր յոյզերու պատճառով, ապա այդ կ'ազդէ նաեւ մեր ֆիզիքական վիճակի վրայ․ կը բարձրանայ մեր արեան ճնշումը, չենք կրնար հանգիստ քնանալ եւ այդպէս շարունակ։ Հանգիստ քունը առողջ մարմին ունենալու հիմնական գործօնն է», -ըսած է Տալայ Լաման եւ հաւելցուցած, որ ինք ամէն գիշեր խոր եւ հանգիստ կը քնանայ 9 ժամ։
Տալայ Լաման նշած է, որ 9-ժամեայ խոր քունէն ետք ինք ամէն օր քանի մը ժամ կը յատկացնէ խորհրդածութեան (meditation), նշելով, որ անկախ խնդիրներէն՝ իր միտքը հանգիստ կը պահէ։
«Հոգեկան եւ ֆիզիքական առողջութեան համար շատ անհրաժեշտ «հոգեկան հանգստութիւնը» ձեռք կը բերուի առաջին հերթին քարունան (կարեկցանք) զարգացնելու եւ ոչ պակաս կարեւոր ահիմսա (բռնութեան բացակայութիւն) սկզբունքի պահպանման միջոցով», -ըսած է Տալայ Լաման։
14-րդ Տալայ Լաման, որու իսկական անունը Լհամօ Տհոնտրուպ է, ծնած է 1935 թուականի 6 Յուլիսին, Թիպեթի հիւսիս-արեւելքը գտնուող Թակցեր գիւղին մէջ: Ան 1937-ին ճանչցուած է իր նախորդի վերամարմնաւորումն ու 1940-ին՝ ստանձնած է պաշտօնը։ 1959 թուականին Թիպեթի՝ Չինաստանի կազմին մէջ ներառուելէն ետք, Տալայ Լաման փախած է Հնդկաստան եւ այժմ անոր նստավայրը Հիմալայան Տհարամշալա քաղաքին մէջ է։
Ան կը համարուի բոլոր պուտտաներու կարեկցանքի մարմնացումը։ 14-րդ Տալայ Լաման 1989 թուականին արժանացած է Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի` տարբեր երկիրներու մէջ կրթական գործունէութեան եւ խաղաղարար ջանքերու համար: Ան իր ողջ կեանքի ընթացքին յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է կրթութեան զարգացմանն ու ժամանակակից գիտութեան հետ պուտտիզմի փոխազդեցութեան։