Երկու շաբաթ տեւած ժողովներէ ետք Զմմառու պատմական վանքէն Հայ Կաթողիկէ նոր Պատրիարք-Կաթողիկոսի ընտրութիւնը դժբախտաբար չէ պսակուած յաջողութեամբ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հայ Կաթողիկէ Համայնքին մօտիկ կանգնած իր աղբիւրէն։
Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ այսօր յետմիջօրէին աւարտին հասած են ընտրական ժողովները, որոնք եղած էին դռնփակ եւ որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Կաթողիկէ Համայնքի 14 եպիսկոպոսներէն 12-ը։
Ըստ Կաթողիկէ համայնքի կանոնական գիրքերուն եւ եկեղեցական օրէնքին սուրբ սիւնոդը չկարողանալով կատարել իր առաջ եղած առաջադրանքը, պարտաւոր է լսել Վատիկանի Սուրբ Աթոռին խորհուրդ- կարծիքը ու ապա անգամ մը եւս դռնփակ ժողովի անցնելով ընտրել՝ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Պատրիարքը։
Յիշեցնենք նաեւ, որ հակառակ անոր որ բոլոր Գերապայծառները բնականօրէն կը համարուէին ընտրուելու իրաւունք ունեցող միաբաններ, սակայն վերջին շրջանին առաւելաբար կը խօսուէր երկու գերապայծառներու մասին, որոնք ընթացած ժողովներուն ալ տիրացած էին ընտրողներու քուէներու մեծամասնութեան, սակայն անոնցմէ ոչ մէկը կարողացած էր ստանալ քուէներու 2/3 րդ, ու այդ պատճառով ալ անհնար եղած էր ընտրութիւնը հասցնել իր բարենպաստ աւարտին։