image

Արցախի մէջ «Քորոնա»ի 1 նոր պարագայ

Արցախի մէջ «Քորոնա»ի 1 նոր պարագայ

ԱՀ առողջապահութեան նախարարութեան փոխանցած տեղեկատվութեան համաձայն՝ Հանրապետութեան մէջ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակի (COVID-19) 1 նոր դէպք: Վարակակիրը Ստեփանակերտ քաղաքէն է: Վարակի օճախը յայտնաբերելու եւ հիւանդի շփման շրջանակը պարզելու ուղղութեամբ կը կատարուին համապատասխան աշխատանքներ։

Առողջացած է 6 քաղաքացի:

Առայսօր, նոր «Քորոնա» ժահրային հիւանդութիւնը հաստատուած է 317 մարդու մօտ, որմէ 283-ը յաղթահարած է հիւանդութիւնը: Փաստացի բուժում կը ստանայ 32, ընդհանուր մեկուսացուած է 49 քաղաքացի:

Բժիշկները 5 հիւանդի առողջական վիճակը կը գնահատեն ծանր, 4-ինը՝ միջին ծանրութեան: