image

Հայաստանի մէջ. «Քովիտ»ի 590 նոր պարագայ եւ 20 մահ

Հայաստանի մէջ. «Քովիտ»ի 590 նոր պարագայ եւ 20 մահ

 

Հայաստանի մէջ 4 ապրիլի դրութեամբ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման 590 նոր դէպք, վարակուածներու ընդհանուր թիւը հասած է 196 634-ի: 

 

Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ ԱՆ հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնը, մէկ օրուան մէջ «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով մահացած է 17 քաղաքացի, մահացածներու թիւը 3592 է:

Մէկ օրուան մէջ գրանցուած է «Քորոնա» ժահրով վարակուած հիւանդներու՝ այլ հիւանդութենէն մահուան 3 դէպք: 4 Ապրիլի դրութեամբ մահուան այս դէպքերու թիւը 921 է: Ընդհանուր առմամբ, մէկ օրուան մէջ մահացած է 20 մարդ, իսկ մահուան ընդհանուր դէպքերու թիւը հասած է 4513-ի: 

Մէկ օրուան մէջ առողջացածներու թիւը 608 է, ընդհանուր առողջացածներինը՝ 176 009, փաստացի բուժուողներունը՝ 16 112 (մէկ օրուան մէջ նուազած է 38-ով): Մէկ օրուան մէջ եղած է 3587 քննութիւն, ընդհանուր առմամբ առ այսօր եղած է 873 239 քննութիւն: