image

Արցախի մէջ կանխուած է հակառակորդի ներթափանցման փորձ. Հակառակորդն ունի առնուազն 4 զոհ. ԱՀ ՊՆ

Արցախի մէջ կանխուած է  հակառակորդի ներթափանցման փորձ. Հակառակորդն ունի առնուազն 4 զոհ. ԱՀ ՊՆ

21 յունիսի գիշերը ատրպէյճանական յատուկ ջոկատայիններու  կողմէ  հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ  ձեռնարկուած է ներթափանցման փորձ:

Այս մասին կը  տեղեկացէ Արցախի հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

ՊԲ մարտական հերթապահութիւն իրականացնող ստորաբաժանումները, շնորհիւ մարտավարական բարձր պատրաստուածութեան, դիրքային համակարգերու կահաւորուածութեան եւ   թէքնիք  պատշաճ հագեցուածութեան,  յաջողած  են   ճիշդ ժամանակին  խումբի առաջխաղացումը  կասեցնել եւ հակառակորդին պատճառելով  առնուազն 4 զոհ` ետ  մղել  ու  շպրտել ելման դիրքեր: Ատրպէյճանական կողմը հայկական մերձդիրքային հատուածին  թողած է յատուկ գրոհայիններու անձնական պարագաներ:

Ներթափանցման փորձը կանխելու ընթացքին ՊԲ-ն կորուստներ չէ ունեցած: Առաջնագծին   իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ արցախեան զինուժի լիակատար վերահսկողութեան տակ:

Արցախին մէջ կանխուած է  հակառակորդի ներթափանցման փորձ. Հակառակորդն ունի առնուազն 4 զոհ. ԱՀ ՊՆ