Թուրքիոյ նախագահ Էրդողան Սոչիի մէջ կայացած գագաթնաժողովի ժամանակ խոստացած է առանց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ խորհրդակցելու չյարձակիլ Սուրիոյ քրտական ուժերուն վրայ: Այս մասին tert.am-ի հաղորդմամբ, կը գրէ բրիտանական հեղինակաւոր Times պարբերականը:
«Էրտողան խոստացած է Ասատին, որ առանց Դամասկոսին տեղեակ պահելու՝ ռազմական գործողութիւն պիտի չսկսի Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող քրտական ուժերուն դէմ», - գրած է պարբերականը:
Ըստ Times-ի, թէեւ Սոչիի գագաթնաժողովը մէկ կողմէն փորձեց ցոյց տալ, որ Սուրիոյ սահմաններու վերահսկողութիւնը այժմ ամբողջովին կը պատկանի Ասատին, այնուամենայնիւ, մօտ ապագային անոր ազդեցութիւնը պիտի նուազի եւ Սուրիան պիտի ընտրէ արտաքին աշխարհի հետ շփումներու առումով առաւել բաց քաղաքական առաջնորդի:
Յիշեցնենք, որ Սոչիի գագաթնաժողովէն ետք Էրտողանը, պատասխանելով այն հարցին, թէ արդեօք Անգարան կրկին կը համագործակցի Դամասկոսի հետ, ըսած էր, որ «դիւանագիտութեան դռները միշտ ալ բաց են»: