Թուրքիան կը պահպանէ իր ներկայութիւնը Լիպիոյ, Ատրպէյճանի, Սուրիոյ եւ արեւելեան Միջերկրական ծովին մէջ: Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան Սաքարեա նահանգի հրասայլերու համար թրթուրներու արտադրութեան գործարան կատարած այցելութեան ժամանակ, յայտնած է minval.az-ը:
Էրտողան ընդգծած է, որ Թուրքիան, անկասկած, կը վերցնէ այն, ինչ իրեն կը պատկանի: «Մենք կը շարունակենք հետախուզումը արեւելեան Միջերկրական ծովին մէջ, յատկապէս Կիպրոսի ափերու մօտ»,- ըսած է ան:
Խօսելով հրասայլերու մասին՝ Էրտողան ըսած է, որ կը նախատեսուի թրքական արտադրութեան առաջին Altay հրասայլերը 2023-ի սկիզբը յանձնել Թուրքիոյ զինուած ուժերուն: Վստահ եմ, որ Altay հրասայլերը կը հասնին նոյն ճանաչման, ինչ յարձակողական անօդաչու թռչող սարքերը, որոնց մասին կը խօսի ամբողջ աշխարհը, ըսած է Էրտողան: