image

Էրտողանի եւ Ալիեւի անունները «Լրագրողներ առանց սահմանի» կազմակերպութեան «գիշատիչներ»ու ցուցակին մէջ

Էրտողանի եւ Ալիեւի անունները «Լրագրողներ առանց սահմանի» կազմակերպութեան «գիշատիչներ»ու ցուցակին  մէջ

«Լրագրողներ առանց սահմաններու»-ն Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներ Թայէպ Էրտողանը եւ Իլհամ Ալիեւը ներառած է «մամուլի ազատութեան գիշատիչներ 2021» ցուցակին մէջ, ուր պետութիւններու եւ կառավարութիւններու 37 ղեկավարներ են:

RSF-ի հաղորդմամբ՝ Թուրքիոյ մէջ կլիմայի վատթարացումը նպաստած է լրագրողներու դէմ բռնութեան:

Նշուած է, որ վերջին 5 տարուան մէջ աւելի քան 100 լրագրող ֆիզիքական բռնութեան ենթարկուած է:

«Իլհամ Ալիեւը հիմնական կը թիրախաւորէ անկախ ԶԼՄ-ներն ու լրագրողները, որոնք կը քննադատեն կառավարութեան: Ատրպէյճանի դատական համակարգը կը դատապարտէ լրագրողները անհեթեթ մեղադրանքներով: Ալիեւի օրօք կայքերը կրնան արգելափակուիլ օրէնքով, եթէ անոնք «վտանգ կը ներկայացնեն պետութեան կամ հասարակութեան համար»: Գրաքննութիւնը ուժեղացուած է Լեռնային Ղարաբաղի պատճառով Հայաստանի հետ պատերազմի ժամանակ»,-ըսուած է «Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութեան յայտարարութեան մէջ: