(Հրանդ Տինքի Յիշատակին )
Եթէ հարցուի թէ ինչպէ՞ս սկսաւ 2017 տարին Թուրքիոյ համար, վստահաբար պիտի պատասխանուի՝ արիւնահեղութեամբ: Պոլսոյ եւ Իզմիրի արիւնալի դէպքերը չարագուշակ տարուան մը առաջին նախանշաններն էին կարծէք:
Եթէ փորձենք մանրամասնութեան անցնիլ, դժուար պիտի չըլլայ նշմարել թէ վերջին երկու տարիներուն բրտութեան եւ ցնցումներու ալիք մը լարուածութեան եւ ջղագրգիռ վիճակի մէջ կը պահէ այդ երկիրը ներ-քաղաքական ոլորտէն մինչեւ ռազմական ու տարածաշրջանային ասպարէզ: Եւ եթէ փորձենք պրպտել անոր արմատները, պիտի յանգինք յստակ եզրակացութեան մը: Արդարեւ, Թուրքիան այսօր, ինչպէս պատմութեան հոլովոյթին, կը տառապի անհանդուրժողութեան վարակով: Պահ մը պիտի տատամսինք՝ չէ՞ որ անհանդուրժողութիւնը քիչ մը ընդհանրական երեւոյթ է: Սակայն այս պարագային կարելի է կիրառել վայրագ անհանդուրժողութիւն յղացքը, որ իրմէ տարբեր ամէն տեսակի տարրերը կը միտի չէզոքացնել բրտութեամբ, ֆիզիքական հաշուեյարդարով, դաժանութեամբ եւ երկիրը ընդարձակ բանտի վերածելով:
Բայց կարելի՞ է հասկնալ 2017-ը առանց տասնամեակ մը ետ երթալու՝ 2007 Յունուար 17-ին, երբ արիւնլուայ կը զգետնուէր անհանդուրժողութեան առաջին զոհը՝ Հրանդ Տինք: Այլամերժ հասարակութեան առաջին մատաղը կ'ըլլար ազգութեամբ հայ մը, համեստ եւ ազնիւ նկարագիրով հանրածանօթ եւ լրագրական վսեմ մասնագիտութեան նուիրեալ մը, որուն ամենակոշտ զէնքը գրիչն էր... ամենածանր «յանցանքը»՝ ճշմարտախօսութիւնը... եւ հատու փամփուշտը՝ յօդուած մը պարզապէս: Առաջին մատաղը կ'իյնար, որովհետեւ կը համարուէր հեշտ «պատառ» մը, թրքական շրջապատէն ներս շատերու հասկցնելու՝ թէ ոչ ոք կրնայ դուրս գալ թրքական աւանդական այլատեաց ըմբռնումներէն. անոր պատիժը մահը կ'ըլլայ անխուսափելիօրէն: Տակաւին 2007-էն առաջ Տինք կը գրէր իր անսքօղ ապրումները՝ ինքզինք նմանեցնելով աղաւնիի մը՝ վախուորած եւ անապահով՝ քանասար գայլերու մէջ, եւ մա՛նաւանդ Գորշ Գայլերու մէջ:
Ակնարկ մը նետեցէք Հրանդ Տինքի նահատակութենէն ետք Անգարայի վարած ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան վրայ եւ ակնբախօրէն պիտի նկատէք բազմաբեւեռ անհանդուրժողութիւն մը արտակարգ չափերու հասած:
Սուրիոյ տագնապին միջամտութեամբ՝ «Իսլամական Պետութիւն» (ՏԱԷՇ) կազմակերպութեան միջոցով, Պաղեստինի եւ Լիբանանի մէջ համակրական զանգուածներու օգտագործումով, Մոսկուայի դէմ եղջիւրներ պարզելով, Իրաքի նկատմամբ մեծամիտ ու գերադաս դրսեւորումով Անգարա կը միտի իր անհանդուրժող վարդապետութիւնը տարածել շրջանային մակարդակով: Ինչպէ՞ս բանաձեւել այս վարքագիծը՝ եթէ ոչ՝ «ամէն ինչի մէջ, ամէն ինչ ստանալու» հեռահար նպատակ:
Միւս կողմէ երկու լրջագոյն փորձաքարեր կրնան փորձանք հանդիսանալ Անգարայի հետեւողական անհանդուրժողութեան.- քրտական հարց եւ կիւլէնական շարժում: Հայկական շրջանակներ այն ենթադրութիւնը ունին որ Թուրքիա անզիջող ու կոշտ է միայն հայոց եւ «ցեղասպանութիւն» եզրոյթին հանդէպ: Ոչ: Նոյնպիսի եւ աւելի ատելամաղձ է բոլորին հանդէպ՝ որոնք կը շեղին Անգարայի ուղեգիծէն՝ առանց ազգային, կրօնական կամ գաղափարական տարբերութեան: Ինչպիսի՜ բռնարարքներու զոհ գացին քիւրտ մտաւորականներ, գործիչներ եւ սովորական քաղաքացիներ: Արեան բաղնիքներ սարքուեցան քիւրտերու համար: Ապա, Կիւլէնն ու իր մեծաթիւ հետեւորդները եւս զերծ չեն նման սարսափազդու մահակէն: Բանտն ու մահավճիռը բոլորին համար է: Տաս տարիներ առաջ սկսաւ Հրանդ Տինքով, բայց դեռեւս չվերջացաւ այդ արշաւին մահագորոյն ալիքները եւ հաւանաբար շարունակուին աւելի կատաղի թափով:
Չմոռնանք յունական եւ աւելի ստոյգ կիպրական ճակատը: Վերջերս սկսած կիպրացի յոյն-թրքական բանակցութիւնները սկսան ժխտական ոգիով: Ի՞նչ կարիք կայ տակաւին թրքական զօրքեր տեղադրուած պահելու Կիպրոսի մէջ: Ինչո՞ւ Կիպրոսի թրքական կողմին մէջ կը շարունակուի մնալ լերան վրայ վիթխարիօրէն սարքուած թրքական դրօշը՝ հեռաւոր վայրերէ երեւցող եւ ամէն գիշեր լուսաւորուող. այս գրգռիչ, սանձարձակ եւ յոխորտալից ոգին նմանապէս դրսեւորումը չէ՞ անհանդուրժողականութեան:
Թուրքիոյ քուէարկած զանգուածին կողմէ Միլլի Մեճլիսի (խորհրդարան) անդամ ընտրուած Կարօ Փայլան աչքառու թիրախ մը չէ՞ Հրանդ Տինքին դահիճներուն համար, քանզի ան յաճախ կ'ունենայ յանդուգն ելոյթներ, կը վերյիշեցնէ Թուրքիոյ մօտիկ անցեալի պատմութիւնը եւ կը փորձէ Անգարան դէմ դիմաց հանել պատմութեան արդար դատաստանին: Անոր գործածած «ցեղասպանութիւն» բառը արդէն պատիժի ենթարկած է խիզախ գործիչը:
Վերադառնալով Տինքին, ան աղաւնիի բարեմտութեամբ մտմտաց համարձակ գրիչով դրական տեղաշարժ մտցնել թրքական խաւարասէր մթնոլորտէն ներս: Մահացու գնդակներով դիմաւորուեցաւ այդ քայլը: Թէպէտ համակրական ու կարեկցական միջավայր գոյացաւ, մարդիկ հետամուտ եղան տեսնելու իրականութիւնը, յաչս աշխարհին լուսարձակի տակ առնուեցաւ Տինքն ու իր ժողովուրդին անիրաւուած պարագան, բայց ե՞րբ եւ ո՞ւր արդարութեան նժարը յաղթանակած է լիարժէքօրէն՝ գետնամած ընելով բրտութեան տրամաբանութիւնը:
Հրանդ Տինք տաս տարիներ առաջ առաջին մատաղը դարձաւ անհանդուրժող այն վարչակարգին, որուն զոհերը բազմացան եւ կրնան շատնալ, քանզի Տինքին արձակած խաղաղ գոյակեցութեան, ճշմարտասիրութեան եւ հանդուրժողութեան անկեղծ ճիչը խեղդուեցաւ օր ցերեկով, իր աշխատավայրին առջեւ ու ծակ կօշիկները հագին...:
Առաջին մատաղը պատմութիւն կերտեց ի՛ր իսկ կեանքին գինով:
Աւետիս Ռազմիկ
«Արարատ» /Պէյրութ