image
Հրատապ լուրեր:

Ապահովական միջոցառումներ Պէյրութի օդակայանին շուրջ

Ապահովական միջոցառումներ Պէյրութի օդակայանին շուրջ

Մէկէ աւելի լրատուական աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ  Պէյրութի    մէջ     ապահովական յատուկ միջոցառումներ  գործի կը դրուին:  Այդ աղբիւրները նաեւ կը նշեն, որ յատուկ  կարգադրութիւններ կատարուած են  Պէյրութի «Ռաֆիք Հարիրի»ի անուան  միջազգային օդակայանին շուրջ  եւ  դէպի  օդակայան տանող գլխաւոր մայրուղիներուն վրայ: Կը  հաղորդուի նաեւ, որ  «Հըզպալլա» կազմակերպութեան զինեալներ լիբանանեան  բանակին հետ  համագործակցելով գետնի վրայ  յատուկ  կարգադրութիւններ կը կատարեն: Նշենք, որ անցնող     շաբաթներուն  Լիբանանը  դարձած էր Տահէշ ահաբեկչական  խմբաւորման      հանդիսավայր  եւ  խմբաւորման ահաբեկիչ զինեալ անձնասպանական   գործողութիւններ  կատարած էին  Պեքաա շրջանի «Ալ Քահ»  քրիստոնէական աւանին մէջ ՝ պատճառելով  5  զոհեր  եւ տասնեակ  վիրաւորներ: