Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ֆէյսպուքի իր էջին մէջ Անկելա Մերքէլի հետ ինքնանկար հրապարակած է: Լուսանկարին մէջ վարչապետ Փաշինեանէն ու Գերմանիոյ վարչապետէն բացի, նաեւ վարչապետի տիկին Աննա Յակոբեանն ու նախագահ Արմէն Սարգսեանն են:
«Հիւսիսային պողոտայ ենք», – լուսանկարին կից գրած է ՀՀ վարչապետը: