Իրանեան յեղափոխութեան միջազգային հարցերով ղեկավար Ալի Աքպար Ուիլայաթի յայտարարած է, որ ԱՄՆ Սուրիոյ մէջ 12 ռազմակայան հիմնած է, եւ կը ձգտի իր ուժերը աւելցնել, հասցնելով մինչեւ 10 անձի: Այս մասին կը գրէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:
«Պէտք է իմանան, որ պիտի նուաճուին: Իրենք կը ցանկան Ռաքքան իւրացնել, սակայն շատ մօտ ապագային պիտի հասկնան, որ անկէ դուրս պիտի բերուին այնպէս, ինչպէս կը կարծէին, որ պիտի կարողանային Պուքամալի մէջ հաստատուիլ, սակայն դուրս բերուեցան այնտեղէն»,- յայտնած է Ուիլայաթի:
Վերջինս նաեւ զգուշացուցած է Արեւելքը Իսլամական աշխարհի մէջ ատելութիւն ու պառակտում սերմանելէ, շեշտելով, որ նման փորձեր կը միտին իսլամներու հարստութիւնները կողոպտել: