image

Ամերիկեան ուժերը դուրս պիտի գան Ռաքքայէն այնպէս, ինչպէս դուրս եկան Պուքամալէն. Ուիլայաթի

Ամերիկեան ուժերը դուրս պիտի գան Ռաքքայէն այնպէս, ինչպէս դուրս եկան Պուքամալէն. Ուիլայաթի

Իրանեան յեղափոխութեան միջազգային հարցերով ղեկավար Ալի Աքպար Ուիլայաթի յայտարարած է, որ ԱՄՆ Սուրիոյ մէջ 12 ռազմակայան հիմնած է, եւ կը ձգտի իր ուժերը աւելցնել, հասցնելով մինչեւ 10 անձի: Այս մասին կը գրէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:

«Պէտք է իմանան, որ պիտի նուաճուին: Իրենք կը ցանկան Ռաքքան իւրացնել, սակայն շատ մօտ ապագային պիտի հասկնան, որ անկէ դուրս պիտի բերուին այնպէս, ինչպէս կը կարծէին, որ պիտի կարողանային Պուքամալի մէջ հաստատուիլ, սակայն դուրս բերուեցան այնտեղէն»,- յայտնած է Ուիլայաթի:

Վերջինս նաեւ զգուշացուցած է Արեւելքը Իսլամական աշխարհի մէջ ատելութիւն ու պառակտում սերմանելէ, շեշտելով, որ նման փորձեր կը միտին իսլամներու հարստութիւնները կողոպտել: