image

Ահաբեկչական յարձակում Յորդանան- Սուրիա սահմանային հատուածին մօտ

Ահաբեկչական   յարձակում  Յորդանան- Սուրիա  սահմանային    հատուածին  մօտ

Յորդանանի մէջ այս առաւօտ ահաբեկչական պայթում  մը գրանցուած է: Պայթումը եղած է Յորդանան-Սուրիա-Րաքպան  անցման  կէտին  մօտ: Ականուած ինքնաշարժով եղած պայթումին հետեւանքով  զոհուած են յորդանանեան բանակի վեց   զինուորներ: Մինչեւ այս պահը պայթումին պատասխանատուութիւնը չէ  ստանձնուած  որեւէ  կողմէ:  Երկրի ապահովական մարմիններ   խստօրէն դատապարտած են դէպքը  ու նաեւ  յայտնած, որ ապահովական մարմիններ կարեւոր ճիգեր պիտի կատարեն  պայքարելու համար ահաբեկիչներուն դէմ: Նշենք, որ Րաքպան  շրջանը կը գտնուի  Իրաք- Սուրիա- Յորդանան սահմանային հատուածին  մօտ:   Յիշեցնենք, որ այս առաջին անգամը չէ, որ   Յորդանան     թատերաբեմը կը դառնայ նման ահաբեկչական  յարձակումներու: