Յորդանանի մէջ այս առաւօտ ահաբեկչական պայթում մը գրանցուած է: Պայթումը եղած է Յորդանան-Սուրիա-Րաքպան անցման կէտին մօտ: Ականուած ինքնաշարժով եղած պայթումին հետեւանքով զոհուած են յորդանանեան բանակի վեց զինուորներ: Մինչեւ այս պահը պայթումին պատասխանատուութիւնը չէ ստանձնուած որեւէ կողմէ: Երկրի ապահովական մարմիններ խստօրէն դատապարտած են դէպքը ու նաեւ յայտնած, որ ապահովական մարմիններ կարեւոր ճիգեր պիտի կատարեն պայքարելու համար ահաբեկիչներուն դէմ: Նշենք, որ Րաքպան շրջանը կը գտնուի Իրաք- Սուրիա- Յորդանան սահմանային հատուածին մօտ: Յիշեցնենք, որ այս առաջին անգամը չէ, որ Յորդանան թատերաբեմը կը դառնայ նման ահաբեկչական յարձակումներու: