image

Թալեպանները կը շարունակեն յառաջանալ. Անոնք հասած են Իրանի հետ սահմանային շրջան

Թալեպանները կը շարունակեն յառաջանալ. Անոնք հասած են Իրանի հետ սահմանային շրջան

 

Թալեպանները վերահսկողութիւն հաստատած են Իրանի հետ սահմանին գտնուող մէկ այլ անցակէտի վրայ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Փաժուաք» գործակալութիւնը, յղում տալով իր աղբիւրներուն, կը գրէ «ՌԻԱ Նովոստի» գործակալութիւնը:

Նշուած է, որ խօսքը Ֆարահ նահանգի մէջ գտնուող Ապու Նասր Ֆարահի սահմանային անցակէտի մասին է:

Յիշեցնենք, որ «Թալեպան» արմատական շարժումը կը վերահսկէ Աֆղանիստանի 174 գաւառի վրայ: