Քիւրտ կանանց պաշտպանութեան միաւորներու կողքին Աֆրինի մէջ պայքարի ընթացքին սպաննուած բրիտանացի 27-ամեայ Աննա Քամպըլին հայրը իր երկրի կառավարութենէն օգնութիւն կը խնդրէ՝ վերադարձնելու իր դստեր դիակը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ-Ժատիտ», յիշեցնելով, որ Քիւրտ կանանց պաշտպանութեան միաւորները, երկուշաբթի՝ 15 մարտին հաստատած էին բրիտանացի կռուող աղջկան մահուան լուրը, որ զոհ գացած էր Աֆրինի վրայ Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած ռմբակոծութեան:
Աղջկան հայրը Տերիք Քամպըլ խօսելով ֆրնասական AFP լրատուական գործակալութեան, ըսած է, որ «Մեծ Բրիտանիոյ արտաքին գործոցը մինչեւ այս պահը նախաձեռնութիւն չէ կատարած՝ օգնելու իրեն պատերազմի մէջ ընկղմած քաղաքին մէջ՝ փնտռելու եւ վերադարձելու իր աղջկան դիակը»:
Քամպըլ նաեւ պատմած է, որ նախարարութիւնը զինք պատասխանած է, որ ասի քաղաքական հարց է, ինչին ալ ինք պատասխանած է՝ «Իսկ ի՞նչ է ձեր աշխատանքը»:
AFP-ին խօսելով Քամպըլ շարունակած է. «Ես անոնց ըսի, բրիտանական հիւպատոսութիւն եւ դեսպանատուն ունիք Անգարայի մէջ, կրնաք ձեր դեսպանէն խնդրել, որ հրադադար պահանջէ, մինչեւ որ մենք կարենանք Աննային դիկաը գտնել»: Եւ բացատրած, որ նախարարութիւնը խոստացած է պատասխան տալ իր հարցին, սակայն ցարդ ոչ մէկ արձագանգ չէ եղած: