Քննութիւնը պարզած է, որ յանցագործութեան կազմակերպիչը ունեցած է երկու յանցկից. մէկը կը հետեւէր տան մուտքի մօտ Նախիմովսկի պողոտայի վրայ, ուր կ'ապրէր զոհը: 13 նոյեմբեր 2019-ի երեկոյեան, երբ մարզիկը դուրս եկած էր փողոց, յարձակողը վազած էր անոր ուղղութեամբ եւ սպաննած՝ կրակելով գլխուն, ապա լքած էր դէպքի վայրը յանցակիցի մեքենայով:
2019-ի նոյեմբերին հաղորդուած էր, որ անյայտ անձը գնդակահարած եւ սպաննած է թայլանտական բռնցքամարտի աշխարհի 40-ամեայ ախոյեան, ծնունդով հայազգի Աշոտ Բոլեանը, Մոսկուայի Նախիմովսկի պողոտային մէջ գտնուող տան մօտ: ՔԿ-էն նշած են, որ բռնցքամարտիկի սպանութիւնը կրնայ կապուած ըլլալ անոր պիզնես գործունէութեան հետ:
«Ատենակալներու կողմէ ապացոյցները բաւարա ճանչցուած են 1971, 1982 եւ 1984 թուականներուն ծնած երեք տղամարդու նկատմամբ մեղադրական դատավճիռ կայացնելու համար»,- ըսած է Իւանովան:
Կախուած իւրաքանչիւրի դերակատարութենէն՝ անոնք կը մեղադրուին սպանութեան կազմակերպման, սպանութեան օժանդակելու եւ խումբ մը անձանց կողմէ նախնական դաւադրութեան միջոցով զէնքի ապօրինի շրջանառութեան մէջ: Դատարանը վճիռ պիտի կայացնէ մեղադրական դատավճիռի հիման վրայ, աւելցուցած է Իւանովան:
Ամբաստանեալները յայտնաբերուած էին 2020 թուականի մարտին: