image

Հոլանտան հայ ռազմագերիներու ազատութիւնը կը պահանջէ

Հոլանտան հայ ռազմագերիներու ազատութիւնը կը պահանջէ

 

Հոլանտայի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին, 16 Յունիսին տեղի ունեցած ծաւալուն քննարկումներու շնորհիւ, 17 Յունիսին կայացած լիագումար նիստին խորհրդարանը ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ (147 կողմ, 3 դէմ) բանաձեւ ընդունած է, որով կը պահանջէ հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձանց ազատ արձակումը։

 

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ բանաձեւին մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է.

«Քանի որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ՝ Ռուսաստանի միջնորդութեամբ հրադադար կնքուած է, որուն մաս կը կազմէ գերիներու, պատանդներու եւ այլ ձերբակալուածներու եւ զոհուածներու աճիւններու փոխանակումը,

քանի որ գերիներու հետ վարուելակերպի վերաբերեալ Ժընեւեան համաձայնագիրը (III) կը պարտաւորեցնէ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին ազատ արձակել անոնց ռազմական գործողութիւններու աւարտէն անմիջապէս ետք,

քանի որ այդ երկիրները պարտաւոր են արժանապատուօրէն վերաբերիլ գերիներուն եւ պաշտպանել ձերբակալուած քաղաքացիական անձանց,

արձանագրելով, որ Ատրպէյճանը դեռ չէ ազատած բոլոր հայ գերիները,

խորհրդարանը կոչ կ'ընէ նախարարին՝ (Եւրոպական) Խորհուրդին մէջ ճնշում գործադրելու Ատրպէյճանի վրայ՝ անմիջապէս բոլոր հայ գերիները եւ ձերբակալուած անձերը հայրենադարձելու համար»։