image

Աֆրինէն ետք Էրտողան դէպի Թէլ Ռըֆհա՞թ

Աֆրինէն ետք Էրտողան դէպի Թէլ Ռըֆհա՞թ

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը երէկ՝ կիրակի  25 մարտին յայտարարած է, որ «Սուրիական Թէլ Ռըֆհաթ քաղաքը պիտի ըլլայ թրքական ռազմական գործողութիւններու յաջորդ թիրախը՝ քիւրտ կռուողներուն ձեռքէն Աֆրինը «ազատագրելէ» ետք:  Այս մասին կը հաղորդէ «Lebanon 4»ը:

Էրտողան, որ «Ձիթէնիի Ճիւղ» գործողութեան մասին խօսած էր Տրապիզոնի մէջ, նաեւ ըսած է.«Աստուծոյ կամքով, պիտի ապահովենք, որ կարճ ժամանակ անց այս գործողութիւնը իր նպատակին հասնի՝ Թէլ Ռըֆհաթի գրաւումով»: