Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը երէկ՝ կիրակի 25 մարտին յայտարարած է, որ «Սուրիական Թէլ Ռըֆհաթ քաղաքը պիտի ըլլայ թրքական ռազմական գործողութիւններու յաջորդ թիրախը՝ քիւրտ կռուողներուն ձեռքէն Աֆրինը «ազատագրելէ» ետք: Այս մասին կը հաղորդէ «Lebanon 4»ը:
Էրտողան, որ «Ձիթէնիի Ճիւղ» գործողութեան մասին խօսած էր Տրապիզոնի մէջ, նաեւ ըսած է.«Աստուծոյ կամքով, պիտի ապահովենք, որ կարճ ժամանակ անց այս գործողութիւնը իր նպատակին հասնի՝ Թէլ Ռըֆհաթի գրաւումով»: