«Արեւելք»ի ընթերցողները պիտի նկատեն, որ այսօրուան մեր խմբագրականը նկար չունի: Առանց պատկերի գրուած խմբագրական մը, որուն խորագիրը դրինք ՝ սպիտակ էջ:
Մեր պատմութեան ամէնէն զարհուրելի էջերը ներգրաւող, մեր նախնիներու կեղեքման, տանջանքներուն, բռնագաղթին, արեան եւ սպանդին խորհրդանիշը դարձած՝ 24 Ապրիլը ցայսօր ալ կը շարունակէ մնալ ծանր լուծ «քաղաքակիրթ մարդկութեան» ուսերուն:
«Հայկական հարց» ձեւաչափով ճանչցուած արեւմտահայոց խնդիրներու լուծման եւ Արեւմտահայաստանի տարածքին անոնց ապրելու իրաւունքի ճանապարհին Ապրիլ Քսանչորսը հանդիսացաւ շրջադարձային թուական, որովհետեւ 1880-ականներուն սկիզբ առած Օսմանցի սուլթաններու հրամաններով հայութեան դէմ եղած ջարդերը ստացան համատարած բնոյթ ու Արեւմտեան Հայաստանի հայկական նահանգները, շէները, աւանները եւ գիւղերը դատարկուեցան իրենց իրաւատէր բնակիչներէն:
Այդ հանգրուանին էր նաեւ, որ հայութիւնը ունեցաւ ոչ միայն մարդկային ծանրագոյն կորուստներ, նիւթական հարստահարում, ինչքի եւ կալուածներու յափշտակում, այլ աւելին՝ հայութիւնը տեղահանուեցաւ եւ քշուեցաւ դէպի անապատները:
Մէկ ու կէս միլիոն հայեր նահատակուեցան ու հազարաւոր որբուկներ քշուեցան իրենց համար անծանօթ ու անյայտ քաղաքներ ու վայրեր:
Հայութիւնը խաչուեցաւ:
Հայութիւնը նահատակուեցաւ:
Հայութիւնը պարտութիւն կրեց, բայց չմեռաւ:
Չմեռնելու յոյսին ու ապրելու կամքին վրայ իր գրաւը դրած մեր նախնիները ոչինչէն սկսան կառուեցել իրենց բոյնն ու օճախը:
Սփիւռք դարձած եւ աշխարհին իր ձեռքերը պարզած հայութիւնը, տարբեր ոլորտներու մէջ ամենուրէք դարձաւ իր իրաւունքներուն համար պայքարող ժողովուրդ եւ հարիւր տարուան ընթացքին տարբեր առիթներով իր վրիժառութեան աղաղակը լսելի դարձուց ամբողջ աշխարհին:
Սուլթանը մեռաւ, ծնունդ առին նոր սուլթաններ, որոնք ցայսօր ալ կը շարունակեն մնալ անպատիժ ու անհոգ հայացքով կը շարունակեն կառավարել այն հատուածները, որոնք բննօրանն են մեր նախահայրերուն:
Կորսուածը այս բոլորին մէջ անմեղ, անզէն, անօգնական հոգիները չէին միայն, այլ հողն էր, որուն իրական արժէքին դիմաց մարդկային կորուստները կը շարունակեն մնալ՝ անդարմանելի ու բացուած վէրքը կը շարունակէ արիւնիլ:
Սպիտակ էջ է եղածը:
Մեր գաղթը, տեղահանութիւնը, վէրքը, մաքառումը, մահն ու յարութիւնը սպիտակ էջերու հաւաքածոներ են:
Սպիտակ էջ է մեր անցեալը, մեր հարստութիւնը, ունեցուածքը, ոսկին, արծաթը, դրամը, յաջողութիւնները եւ հայկական շէներէն բարձրացող խաղաղութեան աղօթքը սպիտակ էջեր են:
Սպիտակ էջեր, որ կը սպասեն մեր նոր վերադարձին:
Տեղահանուած եւ իր երկիրը կորսնցուցած հայութեան համար սպիտակ էջերը կը շարունակուին:
Սպիտակ էջ է սփիւռքը եւ սպիտակ էջերու մէջ կ'ապրին Ամերիկայի ամէնէն լուսաւոր թաղամասերուն մէջ իրենց ապահով կեանքը ապրիլ ուզող մեր մեծահարուստ հայրենակիցները: Սպիտակ էջ է կեանքը, անոնց համար, որոնք միայն համակարգիչի կոճակներով կը հաւատան հայութեան ճակատագիրը կերտել եւ խնդութեան ծիծաղներով դիմաւորել այս կամ այն նահանգին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին հրապարակուած լուրը:
Բոլորը ՝ սպիտակ էջ:
Այնքան ատեն, որ ազգովին չունինք հիմնարար ծրագիր, բոլոր հարստութիւնները, բոլոր մեծ ու փոքր անունները, բոլոր մասնագէտ եւ յաջողած հայորդիները սպիտակ էջեր են:
Սպիտակ էջ է արեւմտահութեան կէս մնացած պատմութիւնը, որ կը սպասէ իր նոր տունդարձին, գիտնալով հանդերձ, որ միայն այդ հողին վրայ է, որ պիտի ապրի իր տեսակն ու ծինը:
Սպիտակ էջ ենք մենք բոլորս, այնքան ատեն, որ դեռ հեռու ենք Արեւմտահայոց դատին համար իրական ճանապարհ մը, իրական ուղի մը բանալու գաղափարէն:
Սպիտակ էջ, այսօր ՝ 24 Ապրիլին եւ գալիք բոլոր 24 Ապրիլներուն համար:
«Արեւելք»