image

«2018-ը Լիբանանի զբօսաշրջութեան համար խոստմնալից տարի մը պիտի ըլլայ».Լիբանանահայ նախարար

«2018-ը Լիբանանի զբօսաշրջութեան համար խոստմնալից տարի մը պիտի ըլլայ».Լիբանանահայ  նախարար

Լիբանանի  զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ 2018 տարին Լիբանանի զբօսաշրջութեան համար խոստմնալից տարի մը պիտի ըլլայ:   Ան   նշեց, որ    շարք մր  զբօսաշրջային    ընկերութիւններու ներկայացուցիչները յառաջիկայ տարեսկիզբին պիտի այցելեն Լիբանան` կատարելու համար այդ խորհրդաժողովները կազմակերպելու նպատակով նախապատրաստութիւնները:

Նախարար Կիտանեան յայտնած է, որ Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով Լիբանան ուղղուող ճամբորդներուն մեծամասնութիւնը արտերկրի լիբանանցիներ են եւ օտարներ շեշտելով,  որ նախարարութիւնը իր ամբողջ կարողականութիւնը ի սպաս դրած է զբօսաշրջութեան մարզի բարգաւաճման եւ ճաշարաններու հսկողութեան, յատկապէս` Նոր տարուան գիշերուան ընթացքին:

 

 

Լուրը ՝ «Ազդակ»էն