Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ 2018 տարին Լիբանանի զբօսաշրջութեան համար խոստմնալից տարի մը պիտի ըլլայ: Ան նշեց, որ շարք մր զբօսաշրջային ընկերութիւններու ներկայացուցիչները յառաջիկայ տարեսկիզբին պիտի այցելեն Լիբանան` կատարելու համար այդ խորհրդաժողովները կազմակերպելու նպատակով նախապատրաստութիւնները:
Նախարար Կիտանեան յայտնած է, որ Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով Լիբանան ուղղուող ճամբորդներուն մեծամասնութիւնը արտերկրի լիբանանցիներ են եւ օտարներ շեշտելով, որ նախարարութիւնը իր ամբողջ կարողականութիւնը ի սպաս դրած է զբօսաշրջութեան մարզի բարգաւաճման եւ ճաշարաններու հսկողութեան, յատկապէս` Նոր տարուան գիշերուան ընթացքին:
Լուրը ՝ «Ազդակ»էն