ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը 30 տարուան ընթացքին աշխատած է եւ կը շարունակէ աշխատիլ յօգուտ Հայաստանի շահերու իրականացման: Այս մասին 10 Յունիսին, ՀՀ կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ նշած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Արմէն Ղեւոնդեանը՝ արձագանգելով այն դիտարկման, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ պետութեան շահի համար աշխատանքը շարունակելու փոխարէն, ԱԳ նախարարի տեղակալները հրաժարականներ կու տան: Նշենք, որ Արմէն Ղեւոնդեանը միակ փոխնախարարը մնացած է ԱԳՆ-ի մէջ:
Ինչ կը վերաբերի փոխնախարարներու հրաժարականներու դիմումներուն, ապա ան ըսած է. «Ձեզ դրդապատճառները յայտնի են»:
Ան նշած է, որ իր դիմումը ետ չէ վերցուցած, սակայն թէ ինչու չէ ընդունուած, կոչ ըրած է հարցը հասցէագրել կառավարութեան: «Ձեզ յայտնի է, որ բոլոր փոխնախարարները տուել են ազատման դիմումներ, որոնք այս պահին բաւարարուել է մասնակի»,-ըսած է ան:
Հարցին, թէ այդ կապ ունի՞ այն փաստաթուղթի հետ, որուն մասին Փաշինեանն ըսած էր, թէ պիտի ստորագրէ, ան պատասխանած է. «Ընդհանուր պէտք է դիտարկել այս վիճակում արտաքին գործոց նախարարութեան դերակատարումը եւ գործառոյթները: ԱԳՆ-ն 25-30 տարուայ ընթացքում աշխատել է եւ շարունակում է աշխատել յօգուտ մեր ազգային շահերի իրականացման»:
Ան չէ պատասխանած հարցին, թէ իշխանութիւնը պետական շահերուն հակառակ կ'երթայ, թէ ոչ: Հարցին, թէ ի վերջոյ ինչ է հրաժարականի պատճառը, ան պատասխանած է. «Նոյն դրդապատճառով, ինչ բոլոր գրոծընկերները, մենք ասել ենք, որ ընդհանուր առմամբ արտաքին գործերի նախարարութիւնը պէտք է աւելի մեծ ներգրաւուածութիւն ունենայ արտաքին քաղաքականութիւնում»,-ըսած է ան:
Յիշեցնենք, որ ՀՀ ԱԳՆ լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութիւնը 7 Յունիսին տեղեկացուցած էր, որ ՀՀ ԱԳ նախարարի բոլոր տեղակալները ներկայացուցած են աշխատանքէն ազատման դիմումներ, որոնք համապատասխան միջնորդագրերով ուղարկուած են վարչապետի աշխատակազմ: 8 Յունիսին ՀՀ փոխվարչապետի պաշտօնակատար Տիգրան Աւինեանը ստորագրած էր երեք փոխնախարարներուն՝ Աւետ Ադոնցի, Արտակ Ապիտոնեանի եւ Գագիկ Ղալաչեանի ազատման որոշումները: