Արեւելեան Ղութայի մէջ գտնուող Քաֆար Պաթնա քաղաքին մէջ հետախուզական գործողութիւններ կատարելու ժամանակ, սուրիական բանակը բացայայտած է 15 մեթր խորութեամբ գետնուղի մը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ-Տիար»ը, նշելով, որ այն զինեալներու կողմէ օգտագործաուած է որպէս կեդրոնատեղի:
Յիշեցնենք, որ Սուրիական բանակը կը շարունակէ Արեւելեան Ղութայի մէջ իր գործողութիւնը եւ ազատագրած է շրջանին շուրջ 80 առ հարիւրը:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու յայտարարեց, որ ռուսական գործողութեան սկիզբէն ի վեր աւելի քան 1 միլիոն 300 հազար տեղահանուածներ շրջանէն հեռացած են դէպի աւելի ապահով վայրեր: