Լեւոն Արոնեանը (2781) անցաւ արագ ճատրակի Goldmoney Asian Rapid օնլայն մրցաշարի եզրափակիչ՝ պայքարէն դուրս ձգելով աշխարհի ախոյեան, նորուեկացի Մակնուս Քարլսընին (2847):
Կիսաեզրափակիչի երկրորդ օրը հայ գրոսմայսթըրը հիմնական չորս փուլերուն յաղթեց 3։1 (2 յաղթանակ, 2 ոչ ոքի) հաշուով եւ պայքարը տեղափոխեց թայ–պրէյք։ Առաջին օրը Լեւոն Արոնեանը պարտուածէր 1,5։2,5 հաշուով։
Թայ–պրէյքին Արոնեանը յաղթանակ տարաւ երկու փուլերուն ալ՝ 2։0։
Եզրափակիչին Արոնեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ ռուսաստանցի Վլատիսլաւ Արտեմիեւը:
Եզրափակիչը տեղի պիտի ունենայ 3-4 Յուլիսին։